Տ. Սահակ Սրբազան. «Եթէ հարկ ըլլայ ես պատրաստ եմ քաշուիլ ընտրապայքարէն»

Պոլսոյ պատրիարքութեան հարցով կարեւոր քննարկումներ կը կատարուին Մայր Աթոռի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Մայր Աթոռի մօտիկ կանգնած «Հայ Ձայն»ի աղբիւրը: Մեր աղբիւրին համաձայն, Պոլսոյ աթոռին իրենց թեկանծուութիւնը կերպով յայտատարած չորս սրբազաններն ալ շփումներ կ’ունենան եւ քննարկումի նիւթ կը դարձնեն ընտրութեան գործընթացին հետ կապուած հարցեր: Երկուշաբթի՝ 5 Յունիս 2017-ին, ուշագրաւ եղած է Պոլսոյ Միաբանութեան արժանաւոր անդամներէն մէկուն ՝ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանի հնչեցուցած խօսքը այս գործընթացներուն վերաբերեալ: Մաշալեան, որ խօսած է մեր աղբիւրին դիտել տուած է , որ եթէ հարկ զգացուի ինք պատրաստ է հրաժարիլ ընտրական գործընթացէն: Ան բառացիօրէն ըսած է «Եթէ Պեքճեան սրբազանը յարմար նկատէ պատրիարք ըլլալ, ապա ես պատրաստ եմ ընտրական մրցավազքէն դուրս գալ: Իմ կարծիքով Պոլսոյ մէջ այսօր այդ գետինը պատրաստ է եւ եթէ ես հրաժարիմ ընտրական մրցավազքէն, ապա Պեքճեան սրբազանի պատրիարք ընտրուիլը շատ արագ եւ խաղաղ կերպով կ’ապահովուի»: Նշենք, որ Պոլսէն Մայր Աթոռի միաբանական ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած են սրբազան հայրեր ՝ Տ. Գարեգին, Տ. Սահակ եւ Տ. Արամ սրբազաններ, մինչ Պոլսոյ աթոռի թեկնածու համարուող Տ. Սեպուհ արք. Չուլճեան այս ժողովներուն կը մասնակցի ի պաշտօնէ, որպէս Գուգարաց թեմի առաջնորդ:

«Հայ Ձայն»