Փութին պարգեւատրած է Նալբանդեանը

Ուրբաթ՝ 26 Օգոստոս 2016-ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամանագիր ստորագրած է` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը պարգեւատրելու վերաբերեալ:

Նալբանդեան պարգեւատրուած է «Բարեկամութեան» շքանշանով` «Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալու համար»: