Հայաստանի զինուած ուժերը նոր գնդացիր կը փորձարկեն։ Գնդացիրին հեղինակները նորաստեղծ զէնքի նմոյշներէն մէկը ներկայացուցին վերջերս Երեւանի մէջ կայացած ArmHiTec 2018 պաշտպանական զէնքերու եւ սարքերու ցուցահանդէսին։
Հեռակառավարուող գնդացիրի օգնութեամբ սահմանի հսկողութիւնը աւելի անվտանգ պիտի դառնայ։ Գնդացիրները կարելիութիւն պիտի ունենան տեսախցիկով ու պաստառով հետեւելու, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` կրակելու որոշ հեռաւորութենէ։
Գնդացիրը տեղադրուած է պողպատէ պատրաստուած յատուկ տուփի մէջ։ Կոճակի մէկ սեղմումով գնդացիրը ներս կը մտնէ, իսկ կափարիչն ալ ամուր կը փակուի։ Խոր հիասթափութիւն կը սպասէ անոնց, որոնք կ’որոշեն անցնիլ «քնացած» գնդացիրին քովէն, որովհետեւ զէնքը հանգիստ վիճակէն շատ արագ կ’անցնի մարտական պատրաստութեան վիճակի։
«Յոյսով եմ, որ կը հասկնաք, թէ մենք միայն ցուցադրական տարբերակը այստեղ բերած ենք։ Բոլորովին պարտադիր չէ, որ ամէն ոք իմանայ, թէ ի՛նչ տեսք ունի հիմնական գնդացիրը»,- ըսաւ գնդացիրը արտադրող ընկերութեան ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան։
Յուսալի է, թէ այսպիսով պաշտպանուած կ’ըլլայ նաեւ սարքի ու կառավարման կէտի ալիքը։Հիմնական օրինակին կարելի է նաեւ տարբեր օրինակներ միացնել` հեռաչափ, ջերմութիւն ընկալող–հաղորդող սարք, գիշերային դիտարկման սարքեր եւ այլն։
Հիմա ընկերութիւնը պիտի սկսի մշակելու նաեւ հեռակառավարուող բջիջային սարքեր` թրթուրաւոր հարթակներ։ Ասոնց վրայ կարելի է զետեղել ե՛ւ զէնք (գնդացիր կամ նռնականետ), ե՛ւ տեսախցիկներ կամ այլ յատուկ ռազմական սարքեր։
ArmHiTec 2018 ցուցահանդէսին ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է հայկական 34 եւ արտասահմանեան աւելի քան 60 ընկերութեան արտադրանք 14 երկիրներէ. Ռուսաստան, Յունաստան, Հնդկաստան, Պելառուս, Ղազախստան, Իրան, Սերպիա, Ֆրանսա, Լեհաստան, Ղրղըզստան, Տաճկաստան։ Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ. պատուիրակութիւնը։