ArmHiTec 2018. Հայաստանի սահմաններու նոր պաշտպանը՝ հայկական արտադրութեամբ հեռակառավարուող գնդացիրը

­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը նոր գնդա­ցիր կը փոր­ձար­կեն։ Գն­դա­ցի­րին հե­ղի­նակ­նե­րը նո­րաս­տեղծ զէն­քի նմոյշ­նե­րէն մէ­կը ներ­կա­յա­ցու­ցին վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցած ArmHiTec 2018 պաշտ­պա­նա­կան զէն­քե­րու եւ սար­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին։
­Հե­ռա­կա­ռա­վա­րո­ւող գնդա­ցի­րի օգ­նու­թեամբ սահ­մա­նի հսկո­ղու­թիւ­նը ա­ւե­լի անվ­տանգ պի­տի դառ­նայ։ Գն­դա­ցիր­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նան տե­սախ­ցի­կով ու պաս­տա­ռով հե­տե­ւե­լու, իսկ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին` կրա­կե­լու ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թե­նէ։
Գն­դա­ցի­րը տե­ղադ­րո­ւած է պող­պա­տէ պատ­րաս­տո­ւած յա­տուկ տու­փի մէջ։ ­Կո­ճա­կի մէկ սեղ­մու­մով գնդա­ցի­րը ներս կը մտնէ, իսկ կա­փա­րիչն ալ ա­մուր կը փա­կո­ւի։ ­Խոր հիաս­թա­փու­թիւն կը սպա­սէ ա­նոնց, ո­րոնք կ’ո­րո­շեն անց­նիլ «քնա­ցած» գնդա­ցի­րին քո­վէն, ո­րով­հե­տեւ զէն­քը հան­գիստ վի­ճա­կէն շատ ա­րագ կ’անց­նի մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան վի­ճա­կի։
«­Յոյ­սով եմ, որ կը հասկ­նաք, թէ մենք միայն ցու­ցադ­րա­կան տար­բե­րա­կը այս­տեղ բե­րած ենք։ ­Բո­լո­րո­վին պար­տա­դիր չէ, որ ա­մէն ոք ի­մա­նայ, թէ ի՛նչ տեսք ու­նի հիմ­նա­կան գնդա­ցի­րը»,- ը­սաւ գնդա­ցի­րը ար­տադ­րող ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­ման ­Խա­չատ­րեան։
­Յու­սա­լի է, թէ այս­պի­սով պաշտ­պա­նո­ւած կ’ըլ­լայ նաեւ սար­քի ու կա­ռա­վար­ման կէ­տի ա­լի­քը։­Հիմ­նա­կան օ­րի­նա­կին կա­րե­լի է նաեւ տար­բեր օ­րի­նակ­ներ միաց­նել` հե­ռա­չափ, ջեր­մու­թիւն ըն­կա­լող–­հա­ղոր­դող սարք, գի­շե­րա­յին դի­տարկ­ման սար­քեր եւ այլն։
­Հի­մա ըն­կե­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի մշա­կե­լու նաեւ հե­ռա­կա­ռա­վա­րո­ւող բջի­ջա­յին սար­քեր` թրթու­րա­ւոր հար­թակ­ներ։ Ա­սոնց վրայ կա­րե­լի է զե­տե­ղել ե՛ւ զէնք (գնդա­ցիր կամ նռնա­կա­նետ), ե՛ւ տե­սախցիկ­ներ կամ այլ յա­տուկ ռազ­մա­կան սար­քեր։
ArmHiTec 2018 ցու­ցա­հան­դէ­սին ընդ­հա­նուր առ­մամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած է հայ­կա­կան 34 եւ ար­տա­սահ­մա­նեան ա­ւե­լի քան 60 ըն­կե­րու­թեան ար­տադ­րանք 14 եր­կիր­նե­րէ. ­Ռու­սաս­տան, ­Յու­նաս­տան, Հնդ­կաս­տան, ­Պե­լա­ռուս, ­Ղա­զախս­տան, Ի­րան, ­Սեր­պիա, Ֆ­րան­սա, ­Լե­հաս­տան, Ղր­ղըզստան, ­Տաճ­կաս­տան։ ­Ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցած է նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։