COP17 Կենսաբազմազանութեան կողմերու համաժողովը 2026-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ

2026 թուականին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Կենսաբազմազանութեան կողմերու համաժողովը՝ COP17-ը։

Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան կենսոլորտի նախարար Յակոբ Սիմիդեան։

«65 ձայնով Հայաստանն ընտրուել է որպէս Կենսաբազմազանությեան կողմերի համաժողովի հիւրընկալող երկիր»,- գրած է ան։

Նշենք, որ ընտրութիւնը կատարած են Գոլոմպիոյ Քալի քաղաքին մէջ ընթացող COP16-ի մասնակից երկիրները։

Միջոցառումը նուիրուած է բնապահպանական խնդիրներու քննարկման, կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու եւ կենսաբազմազանութիւնը պաշտպանելու համար համաձայնեցուած լուծումներ գտնելուն: