ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) 10.7 միլիոն տոլարով պիտի լրացնէ Հայաստանին տրամադրուող դրամաշնորհը։
Համապատասխան լրացումը կառավարութեան Ապրիլ 5-ի նիստին որոշումով կը կատարուի ԱՄՆ–ի եւ ՀՀ–ի միջեւ կնքուած «Աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ» օժանդակութեան դրամաշնորհային համաձայնագիրին մէջ։ Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը։
2010 Օգոստոս 6-ին կնքուած համաձայնագիրով կը նախատեսուէր Հայաստանին տրամադրել 62.6 միլիոն տոլարի չափով դրամաշնորհ։ Դրամաշնորհի լրացուած տարբերակով դրամաշնորհը կը կազմէ 73.2 միլիոն տոլար։ Միաժամանակ, համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը երկարացուած է 1 տարիով եւ պիտի աւարտուի 2020-ի Սեպտեմբեր 30–ին՝ նախկին 2019-ի Սեպտեմբեր 30–ի փոխարէն։