Բակօ Սահակեան. «Բանակը միշտ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու թշնամիի որեւէ ոտնձգութեան»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 23-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է հայրենիքի պաշտպանի օրուան առթիւ:

«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունէն ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայրենիքի պաշտպանի օրուան առթիւ: Կը շնորհաւորեմ մեր ողջ ժողովուրդը: Արցախեան գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ կան զինուորներ, սպաներ, զօրավարներ, հայրենիքի պաշտպանութեան մասնակցած վեթերաններ, այդ սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած ազատամարտիկներ: Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ Հայրենիքի նուիրեալներուն:

«Մենք հպարտ ենք մեր քաջարի զինուորի բազուկի եւ ոգիի ուժով, հպարտ ենք, որ ունինք պատերազմի մէջ թրծուած ու կայացած, հզօր ու յաղթական բանակ, որ անառիկ կը պահէ հայրենի երկրի սահմանները եւ միշտ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու թշնամիի որեւէ ոտնձգութեան:

«Հպարտ ենք եւ այսուհետեւ նոյնպէս  ամէն հնարաւոր բան պիտի ընենք մեր երկրի պաշտպանունակութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան շարունակական ամրապնդման, խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ: Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք»,- ըսուած է Բակօ Սահակեանի ուղերձին մէջ, կը յայտնէ Արցախի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը: