Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, Դեկտեմբեր 28-ին, այցելեց Գիւմրի՝ յարգելու համար երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը:
Գիւմրիի մէջ, Ծառուկեան յայտարարեց, որ 100 միլիոն դրամ կը նուիրէ գիւմրեցիներուն:
«Ես կը սիրեմ Գիւմրին, գիւմրեցիները կը սիրեմ իբրեւ հիւրասէր, տեղը-տեղին, ու ես ո՛չ թէ ընտրութենէ ընտրութիւն կու գամ, այլ կը սիրեմ այդ մարդիկ՝ իրենց սովորութիւնը, աւանդոյթը, խօսքի տէր ըլլալը: Ատոր համար՝ ես, ամէն տարի, տարեվերջին կու գամ, կու գամ շնորհաւորելու մարդոց, յոյս յայտնելու եւ որոշ չափով օգնութիւն տրամադրելու: Ինչպէս ըսեմ՝ իւրաքանչիւր պետութեան հարստութիւնը սովորական ժողովուրդն է, որ մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, որ այդ մարդիկ մեր հարստութիւնն են, ուժն են, որ անոնք ալ պէտք է կարենան յոյսով, հաւատով ապրիլ, իրենց փոքրիկն առջեւ պարզ ճակատով ըլլալ: Գոնէ այդ ուրախ տօնը կարենան ընտանիքով նշել, որ, այո, միս ալ ըլլայ, կարագ ալ ըլլայ այդ Նոր Տարուան օրը, յոյսով ու հաւատով, որ գոնէ լաւ ըլլայ»,- յայտնեց Ծառուկեան:
Ան նշեց, որ ճիշդ այդ պատճառով 100 միլիոն դրամ տրամադրած է իր գործընկերներ Վարդեւան Գրիգորեանին ու Վարդան Ղուկասեանին, որպէսզի 50 միլիոնը բաժնեն տնակներու բնակիչներուն, 50-ն ալ՝ ծանր պայմաններու մէջ գտնուողներուն: