Ատրպէյճանի կաշառակերութեան վերաբերեալ բարձրաձայնուած աղմուկներուն մասին միջազգային մամուլին անդրադարձերը ինչպիսի հետեւանքներ պիտի ունենան՝ պարզ պիտի դառնայ աւելի ուշ, սակայն, ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական կաշառակերութեան գործարքները լուրջ մարտահրաւէր են` նետուած Եւրոպային եւ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին:
Ըստ Panorama.am-ի՝ նման համոզում յայտնած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը` անդրադառնալով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ եւրոպացի գործիչները կաշառելու վերաբերեալ վերջին բացայայտումներուն:
Ան շեշտած է, թէ կաշառակերութիւնը ուրիշ բան չէ, քան՝ ահաբեկչութեան ձեւ:
«Հետաքրքրական է` ինչպիսի դիրքորոշում պիտի ցուցաբերէ այս ամբողջ պատմութեան միջազգային հանրութիւնը` հիմնուած արժէքներու, թէ՝ գինի վրայ: Միայն որոշ ժամանակ ետք պիտի պարզ դառնայ` ընտրութիւնը կանգ առած է դրամի՞, թէ՝ գաղափարի վրայ: Ասիկա իսկապէս լուրջ մարտահրաւէր է: Ատրպէյճանը իր այս դատապարտելի քաղաքականութեամբ ուղղակի կ՝ոչնչացնէ ժողովրդավարական արժեհամակարգերը, կը ստիպէ, որ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ըլլայ ո՛չ թէ առարկայական, այլ՝ ենթակայական մօտեցում»,- ըսած է Բաբայեանը:
Ան տարակուսանք յայտնած է, թէ ինչու եւրոպական մամուլը ա՛յս օրերուն անդրադարձած է ատրպէյճանական կաշառակերութեան հերթական դէպքին: Վերջինս չէ բացառած, որ գործընթացը կրնայ կապուած ըլլալ Ատրպէյճանէն յաւելեալ տնտեսական շահ ստանալու հանգամանքով:
«Բայց այն, որ հերթական դէմքին բացայայտումը մեծ հարուած է Ատրպէյճանին, կասկածէ վեր է: Կասկածէ վեր է նաեւ, որ Ատրպէյճանը պէտք է որոշ քայլերու դիմղ` ինքզինք որոշ ձեւով խայտառակութենէն փրկելու համար: Ան պիտի սկսի նորէն հակահայկական գաղափարներով սեփական ատրպէյճանական հասարակութեան ուշադրութիւնը եւ վախի մթնոլորտ տարածել»,- նշած է արցախցի պաշտօնեան:
Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով, աշխարհը պէտք է տեսնէ, որ Արցախեան հակամարտութիւնը զուտ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութիւն չէ, այլ՝ մարտահրաւէր ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին: