Դրաձեալ ահազանգ Սեւանայ Լճի մակարդակի նուազեցման մասին

«Եթէ այս ընթացքով շարունակենք ծախսել Սեւանի ջուրը, մի քանի տարի յետոյ Սեւանայ չենք ունենար» զգուշացուցած է Հիտրոէքոլոժիի եւ Ձկնաբանութեան Ինստիտուտի տնօրէն Էւելինա Ղուկասեան:     

Ըստ մասնագէտներուն, 2017 թուին Սեւանայ լիճէն թոյլ տրուած է 270 միլիօն խորանարդ մեթր ջուր, որ 100 միլիօն խորանարդ մեթրով աւելի է օրէնքով սահմանուած ծաւալէն եւ կը ներկայցնէ լիճին բացասական հաշուեկշիռ մը: Նման բացասական հաշուեկշիռ արձանագրուած է նաեւ 2012 եւ 2014 թուականներուն: Եթէ միայն մէկ տարուայ ընթացքին լիճին մակարդակը իջնէ մի քանի սանդիմեթրով, այդ կացութիւնը ինքնին վատ ազդեցութիւն չյառաջացնէր, բայց եթէ շարունակուի այդ բացասական հաշուեկշիռը, քանի մը տարիէն անդառնալի վնասներ կը յառաջանան թէ՛ջուրի որակին եւ թէ՛ ձուկերու պաշարին վրայ:

Արդէն իսկ լիճի ափերէն քշուած են օրկանական եւ կենսածին նիւթեր: Անհրաժեշտ է ջուրի ծաւալի անմիջական աւելացման, յայտնած է նոյն հիմնարկի գիտնական Բարդուխ Գաբրիէլեան: «Եթէ տեղումնառատ տարիներուն Սեւանի ջուրերը աւելիով օգտագործուեցան, այդ վարմունքի շարունակութիւնը պէտք չէ որ սովորութիւն դառնայ: Լիճի մակերեսի իւրաքանչիւր սանդիմեթրի նուազում 12.5 միլիօն խորանարդ մեթր ջուրի համազօր է: 2017 թուի իր ամենաբարձր մակերեսով՝ 1900.91 սանդիմեթրէն, մինչեւ օրս իջել է 49 սանդիմեթրով» յայտնած է ան: