Էմանուէլ Մաքրոն. «Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ անոր դասերու նշանակութիւնը կը վերաբերի մեզմէ իւրաքանչիւրին»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ապրիլ 24-ին ուղերձով դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Պարոն Նախագահ,

Ձեր կողքին մենք կը յիշենք 1915-ի Ապրիլ 24-ը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ 800 հայ մտաւորականներու սպանդը, որ կը վկայէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան սկիզբը: Մենք երբեք չենք մոռնար սպաննուած այն տղամարդիկ, կիներն եւ երեխաները, որոնք իրենց վախճանը գտան աքսորի ճանապարհներուն` սովէն, ցուրտէն եւ հիւծուածութենէն:

Ֆրանսան, որ Ժորժ Քը լեմանսոյի, Անատոլ Ֆրանսի եւ Ժան Ժորեսի ձայնով դատապարտած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական ջարդերը, ընդունեց բազմաթիւ վերապրողներ: Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ միասին Ֆրանսան դեռ 1915-ի Մայիս 25-ին այդ ջարդերը որակած էր որպէս մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիր: 1915-ի Սեպտեմբերին ֆրանսական նաւատորմը, կրակի տակ, կրցաւ փրկել Մուսայ լերան 4000 փախստական:

Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ անոր դասերու նշանակութիւնը կը վերաբերի մեզմէ իւրաքանչիւրին: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի 103-րդ տարեդարձի այս օրը Ձեզի եւ Ձեր ժողովրդին կը յղեմ իմ ամենաջերմ եւ բարեկամական մտածումները:

Կը խնդրեմ, պարոն Նախագահ, ընդունեցէք յարգանքներուս խորին հաւաստիքը»: