Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, յայտարարած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղարկելու մասին: Այս մասին, ըստ «Երկիր Մետիա»-ի, ըսած է նախագահի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեանը:
2008-ին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 2009 Հոկտեմբեր 10-ին, Զիւրիխի մէջ ՀՀ եւ ԹՀ ԱԳ նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւնները:
Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք՝ Թուրքիան, կտրուկ փոխելով իր դիրքորոշումը եւ հրաժարելով «խելամիտ ժամկէտներու մէջ» եւ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ձեռք բերուած համաձայնութենէն, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին Արձանագրութիւններու վաւերացումը կապուեցաւ ԼՂ-ի հիմնահարցին կարգաւորումով:
2010 Ապրիլ 22-ին, հաշուի առնելով թրքական կողմին դիրքորոշումով ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ՀՀ իշխող համախառն կառավարութեան ուժերու քաղաքական խորհուրդին համատեղ դիմումը, Արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կասեցուեցաւ` համաձայն ՀՀ նախագահի հրամանագիրին: 2015 Փետրուար 16-ին, ՀՀ նախագահի հրամանագիրով հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ կանչուած են Ազգային Ժողովէն:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, 2017 Սեպտեմբեր 20-ին, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց. «Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ կը մտածէ, որ ինքը կրնայ առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուած են ներկայ պայմաններու մէջ` առկայ խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Անոնց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան առիթով՝ Հայաստան այդ երկու արձանագրութիւնները պիտի յայտարարէ առ ոչինչ: Մենք, 2018-ի գարուն պիտի մտնենք առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուաւ, սին արձանագրութիւններուն»: