«Արմռադիօ».- Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը յայտնէ, որ հինգ տարին անգամ մը իրականացուող հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն՝ Հայաստանի մէջ մինչեւ 5 տարեկան երեխաներուն 9 տոկոսը թերի սնունդ կը ստանայ:
Մասնագէտները կը պնդեն, որ շատ կերակրելն ու ճիշդ կերակրելը տարբեր բաներ են, որովհետեւ երեխաները կերակրելու համար հայ ընտանիքները պատրաստ են ամէն ինչի:
Աւելին, թեր սնուցումն ու աղքատութիւնը ուղղակի կապ չունին իրարու հետ:
Ըստ Հայաստանի պետական վիճակագրական ծառայութեան 2016-ի տուեալներուն՝ Հայաստանի մէջ անցեալ տարի մինչեւ 18 տարեկան երեխաներուն 2 տոկոսը կ՛ապրէր ծայրայեղ աղքատութեան, իսկ 34.2 տոկոսը՝ աղքատութեան մէջ:
Մասնագէտներու ուսումնասիրութիւնները պարզած են, որ երեխաներու թեր սնուցումը կապուած չէ անոնց նիւթական վիճակին հետ: Այստեղ առաւել դերակատար է ծնողներու եւ յատկապէս մայրերու կրթութեան աստիճանը: Թերսնուած երեխաները երկու անգամով աւելի շատ են այն ընտանիքներուն մէջ, ուր մայրը չունի համապատասխան գիտելիքներ: