Հայաստանի քաղաքացիներուն 99,1 տոկոսը դրական գնահատած է «Իմ Քայլը» շարժումը․ հարցախոյզ

Հայաստանի քաղաքացիներուն 99,1%-ը դրական գնահատած է Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած «Իմ քայլը» շարժումը:

Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման, ներկայացնելով «Թաւշեայ յեղափոխութեան թուային արտացոլանք»-ը, ըսած է «GALLUP International association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ ԷՄ ՓԻ ՋԻ ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան: Անոր խօսքով` հարցումին դժուարացած է պատասխանել հարցուածներուն 0.6 տոկոսը, իսկ «Իմ քայլը» շարժման բացասական արձագանգած է հարցուածներուն 0.1 տոկոսը:

Հարցումներուն մասնակցած քաղաքացիներուն 86 տոկոսը հետեւած է «Իմ քայլը» շարժման, 0.6 տոկոսը չէ հետեւած:

«Հարցուածներուն 69.8 տոկոսը շարժման ընթացքին ծաւալած իրադարձութիւններուն հետեւած է հեռուստատեսութեան, 65.5 տոկոսը ֆէյսպուքի, 65.3 տոկոսը ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու միջոցով: Քաղաքացիներուն 18.3 տոկոսն ալ անձամբ մասնակցած է ցոյցերուն»,-ըսած է ան:

Ինչպէ՞ս մասնակցած էք «Իմ քայլը» շարժումին հարցումին, հարցուածներուն 30.5 տոկոսը պատասխանած է, որ մեքենայով ձայնային ազդանշաններ տուած է, 30.9 տոկոսը աշխատանքի չէ գացած, 18.4 տոկոսը դասադուլ ըրած է, 21.9 տոկոսը մասնակցած է շերեփներու բողոքին, 40.9 տոկոսը ճանապարհներ եւ խաչմերուկներ փակած է, 75.6 տոկոսը հետեւած է շարժումին ֆէյսպուքի միջոցով, 43.8 տոկոսը մասնակցած է հանրահաւաքներու իր բնակավայրին մէջ, իսկ 44.5 տոկոսը` մայրաքաղաք Երեւանի:

«Իմ քայլը» շարժման ընթացքին հարցուածներուն 87.1 տոկոսը դրական արձագանգած է ցուցարարներու կողմէ ճանապարհներու եւ խաչմերուկներու փակման` փոխադրամիջոցներու տեղաշարժման սահմանափակման: Ցուցարարներու վարքագիծին վերաբերեալ ալ դրական արձագանգած է հարցուածներուն 98.3 տոկոսը»,-նշած է Նաւասարդեան:

«Իմ քայլը» շարժման ընթացքին ոստիկանութեան գործողութիւնները աւելի շատ դրական համարած է 48.7 տոկոսը, բացասական` 11.5 տոկոսը:

Հետազօտութիւնը իրականացուած է հեռաձայնային հարցումներու միջոցով` 809 քաղաքացիի մէջ: Հետազօտութիւնը իրականացուած է Մայիս 4-էն 9:

Հարցազրոյցները իրականացուած են Հայաստանի 10 մարզի եւ Երեւանի բոլոր համայնքներու մէջ` Երեւանի մէջ` 33%, մարզերու մէջ` 67%: