Հայկական բանակը իր կառոյցին մէջ գիտական վաշտ պիտի ունենայ

Հայաստանի կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է որոշման նախագիծ մը, որուն հաստատումով առանձնակի յաջողութիւններու հասած երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէ ժամանակաւորապէս պիտի ազատուին:

Ըստ “Երկիր Մեդիա”-ի՝ Ազգային ժողովին մէջ, Ապրիլ 11 -ին, այս նախագաիծին մասին խօսեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան՝ պատասխանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանի հարցումին:

«Առաջիկայ նիստերէն մէկուն մէջ նախագիծը կառավարութեան որոշման տեսքով պիտի ընդունուի: Նախագիծին մէջ եղած չափորոշիչները կարելի է հիմք ընդունիլ», – ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ գործնական  քայլեր կը ձեռնարկուին զինուած ուժերու կառոյցին մէջ գիտական վաշտ ձեւաւորելու ուղղութեամբ՝ այն նորակոչիկներուն համար, որոնք իրենց գիտելիքները կրնան ծառայեցնել զինուած ուժերու հարցերու լուծման: