ՀՀ Սփիւռքի նախարարը քայլարշաւի հեղինակն է

2018-ի գարնան փոքրիկ Հայաստանը յայտնուեցաւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին։ Այս մասին կը գրէ Մետիամաքսը։

Հայկական յեղափոխութիւնը սկսաւ Գիւմրիի հրապարակէն՝ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կողմնակիցները ճանապարհը սկսան Գիւմրիի սակաւամարդ հրապարակէն։ Ապրիլի 27-ին՝ մեկնարկէն 28 օր անց, անոնք վերադարձան նոյն հրապարակը, ուր, ժողովրդական խօսքի համաձայն, ասեղ նետելու տեղ չկար։

Այս բոլորը ամիսներ շարունակ մշակուած մարտավարութիւն էր։ Մետիամաքսը գտած է քայլարշաւ սկսելու գաղափարի հեղինակը։ Ան 28-ամեայ Մխիթար Հայրապետեանն է` նորանշանակ ՀՀ Սփիւռքի նախարարը։

Քայլերթի ընթացքին Մխիթարը կը քալէր ետեւէն՝ առանց աւելորդ հպարտութեան, որ այս ամէն ինչի գաղափարը իրն է, կը պատասխանէր քաղաքացիներու հեռաձայններուն եւ առաջինը կը տեղեկանար անոնց տրամադրութիւններու մասին։

Քայլարշաւ սկսելու գաղափարը հիմա փայլուն կը  հնչէ, երբ կայ տեսանելի արդիւնք, իսկ սկզբնական փուլին կային շարք մը մտավախութիւններ։ Սա է պատճառը, որ  Մխիթարի առաջարկը խումբինները մէկ անգամ մերժեցին։ Այնուամենայնիւ, ինք յամառած է, մշակած է գաղափարն ու երկրորդ անգամ ներկայացուցած խումբին։ Այս անգամ ան արժանացած է անոնց միաձայն հաւանութեան։

Մխիթար Հայրապետեանը մասնագիտութեամբ արեւելագէտ է, աւարտած է ԵՊՀ-ն։ Ունի մագիստրոսի կոչում։ Նորանշանակ նախարարը զբաղած է զբօսաշրջութեամբ՝ կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Արեւմտեան Հայաստան։

2015 թուականէն կ’իրականացնէ տարբեր կրթական ծրագրեր։ Մասնագիտացած է նաեւ ոչ բռնի գործողութիւններու, խաղաղ անհնազանդութեան մեթոդաբանութեան մշակման, անոնց մատուցման հարցերով, ուրկէ սկսած է շարժման հիմքը։

Մխիթար Հայրապետեան կը նշէ. “Քայլարշաւի գաղափարը յառաջացած է՝ հիմք ընդունելով Մահաթմա Կանտիի ուսմունքը ոչ բռնի պայքարի վերաբերեալ։ Այս գիտարուեստներու մեթոդաբանութեան շատոնց ծանօթ եմ։ Օգտուած ենք 1930 թուականին «Աղի երթի» ընթացքին կիրառուած գիտարուեստներէն, մասնաւորապէս, երբ Կանտին 387 քմ քալեց՝ հասարակական հարցեր բարձրացնելու նպատակով։ Ան երթը սկսաւ 8 հոգիով, աւարտեց 80 հազարով։

Երկրորդ օրինակը վերցուցած ենք Թուրքիայի ընդդիմադիր առաջնորդ Քեմալ Քըլըջդարօղլուի 2017 թուականի քայլերթէն, երբ ան քաղբանտարկեալներու խնդիրը բարձրացնելու համար Անգարայէն քալեց Իսթանպուլ՝ շուրջ 450 քմ։ Ինք եւս միայնակ  մեկնարկեց քայլերթը եւ շուրջ 300 հազար կողմնակիցներով մուտք գործեց Իսթանպուլ»,- Հայրապետեան կ’աւելցնէ, որ հաշուի չեն առած նշուած շարժումներու արդիւնքները, օգտուած  են քայլերթի միջոցով իրազեկման շարժում ընելու, մարդոց թիւը բազմապատկելու գիտարուեստներէն։

Եթէ նշուած 2 պարագաներուն կիրառուած էր 24-օրեայ քայլերթի տարբերակը, Մխիթարի գաղափարի շուրջ համախմբուած խումբը կանգ առած է 14-օրեայ քայլերթի վրայ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ քաղաքական իրողութիւններն ու ժամկէտներու սղութիւնը։ Գիւմրիէն քայլարշաւ սկսիլը եւս պատահական չէր։ Անոր խօսքով՝ Գիւմրի-Վանաձոր-Դիլիջան-Հրազդան-Աբովեան-Երեւան երթուղին գծելու ժամանակ իրենք հաշուի առած են ոչ միայն այն, որ Գիւմրին, Վանաձորն ու Երեւանը Հայաստանի խոշորագոյն 3 քաղաքներն են, այլեւ այն փաստը, որ տուեալ բնակավայրերու մէջ առկայ քաղաքական տրամադրուածութիւնները առաւելաբար ընդդիմադիր են։

Մանրակրկիտ մշակուած ծրագիրը պայքարի ընթացքին  վստահութիւն ձեւաւորած է խումբի նկատմամբ.․

«Հաւանաբար վերամբարձ հնչէ, սակայն առաջին անգամ ընդդիմութիւնը քաղաքական լրջագոյն գործընթաց սկսելէն առաջ հաշուարկած էր առնուազն իր քայլերը եւ ունէր գործողութիւններու յստակ ծրագիր։ Մենք ներկայացուցինք, որ մեր հաշուարկներով՝ Գիւմրիէն քայլարշաւ սկսելու պարագային Ապրիլ 13-ին Երեւանի հանրահաւաքին կը մասնակցի 4000-5000 մարդ։ Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ՝ եթէ այդ օրը իսկապէս այդքան մարդ հաւաքուի, կը խոստանամ իշխանափոխութիւն ընել։

Ապրիլ 13-ի հաւաքի համար ի ի վերջոյ հաշուարկուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ 4700 թիւը»։

Մխիթարի խօսքով՝ քայլարշաւի քննարկումները սկսած են 2018-ի Յունուարէն։ Փաստը, որ Նիկոլ Փաշինեանը մարզուիլ սկսած էր Օգոստոսէն, Մխիթարը կը բացատրէ այնպէս, որ իրենք քաղաքական գործընթացը  ամէն պարագայի պիտի սկսէին, սակայն 2017-ի Օգոստոսին պայքարի ձեւաչափը ոչ ոք չէր գիտեր։

«Գաղափարը ծնաւ Յունուարին, հաստատուեցաւ Փետրուարին։ Առաջին անգամ զայն մերժելու հիմնական պատճառը այն էր, որ մենք մեր քաղաքական առաջնորդի գլխաւորութեամբ ըսած էինք, որ հանրութիւնը դուրս կը բերենք փողոցային պայքարի միայն մէկ անգամ։ Վտանգը, որ մենք կը տանէինք պարտութեան, հիասթափութեան ահռելի էր։ Բոլորս ալ կը հասկնայինք, որ ինչ-որ իմաստով սա «վապանգ» (va banque) է, որովհետեւ, երբ կը յայտարարես իշխանափոխութեան մասին՝ նկատի ունենալով ոչ միայն Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարումը, այլեւ ընդհանուր իշխանափոխութիւնը, անիկա յղի է բազմաթիւ վտանգներով, կրնայ հերթական անգամ կոտրել ժողովուրդի ողնաշարը։ Պատմութեան ընթացքին ընդդիմադիրներու կողմէն նման հարուածներ ժողովուրդը արդէն ստացած էր։ Այնուամենայնիւ, ես չյանձնուեցայ ու եւս մէկ անգամ փորձեցի համոզել, որ եթէ կը փորձենք ընել իշխանափոխութիւն, անիկա պէտք է ըլլայ ամենառիսգայինը։

«….Մենք ունէինք պատասխանատուութիւն հանրութեան առջեւ։ Ի սկզբանէ ունէինք գաղափարախօսութիւն, որ ասիկա պիտի ըլլայ քաղաքացիի, ոչ թէ քաղաքական գործիչի քայլը։ Մեր պայքարի առաքելութիւնը ՀՀ քաղաքացիի յաղթանակն էր, որով ուղղորդուած ենք, երբ քալած ենք, մեզ բերման ենթարկած են, կամուրջներ փակած ենք»։

Ինքը՝ Մխիթարը երբեւէ բերման չէ ենթարկուած։ Կ’ըսէ՝ ինքը շատ արագ է, 3 անգամ յայտնուած է ոստիկանական մեքենայի մէջ, սակայն ճարպիկութեան շնորհիւ կրցած է դուրս ելել այնտեղէն, իսկ ահա ծեծ, իր խօսքով, «կերած է եւ, փառք Աստուծոյ, խումբիններէն ետ չէ մնացած»։

Մխիթարը ժպիտով կը յիշէ, որ շատերը զինք կը ծաղրէին, երբ 2016-ին՝ ՊՊԾ գունդի գրաւման դէպքերու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը հասարակութեան կոչ ըրած էր վեր բարձրացնել ձեռքերը՝ ի նշան խաղաղութեան։ «Այդ ժամանակ կուսակցութիւնը կը գործէր 1 տարի։ Նիկոլ Փաշինեանը ինքնաբուխ կերպով հաւաքուածներուն կոչ  ըրաւ ձեռքերը վեր բարձրացնել, նպատակը ուժայիններուն ցոյց տալն էր, որ մենք չունինք քար, փայտ, կտրող գործիք։ Բան մը, որ այլեւս թոյլ չէր տար ոստիկանութեան ուժ կիրառել ժողովուրդի դէմ։ 2 տարի շարունակ մեզ ծաղրած են, մեղադրած են, այդ գաղափարախօսութեան լուրջ չեն վերաբերած՝ համեմատելով յանձնուող ձեռքերու հետ։ 2 տարի աշխատանք տարինք հանրութեան հետ՝ փորձելով բացատրել, որ բաց ձեռքերը օդի մէջ բաւականին զօրաւոր ձեռքեր են։ Ինչպէս Կանտին կ’ըսէր, զօրաւոր է ան, ով կամքով է զօրաւոր։ Քաղաքացիի երգի մէջ ալ շատ կարեւոր խօսք մը կայ՝ “Մեր կամքը ուժեղ է քարից էլ, մեր ոգին յանձնուել չգիտի”։ Այսպիսով մենք ցոյց կու տայինք մեր կամքը։

Երբ հիմնադրուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիրը», որուն հիմնական նպատակը իշխանափոխութիւնն էր, մենք կը հասկնայինք, որ անոր համար երկու ուղղութիւն կար՝ ընտրական գործընթաց, կամ թաւշեայ յեղափոխութիւն։ Մեր կուսակցութեան հիմքը առանց բռնութեան համակարգային փոփոխութիւններ ընելու փիլիսոփայութիւնն էր, ինչն ալ զիս ստիպած էր ըլլալ կուսակցութեան հիմնադրման ակունքներու մէջ»,- կը պատմէ Մխիթարը։

Այսօր արդէն նորանշանակ նախարարը հիմա ժպիտով կը յիշէ, թէ ինչպէս հարազատներն ու բարեկամները կը յորդորէին չտանջել զիրենք, միեւնոյն է, բան չի փոխուիր։

«Մեծ մասամբ, չկար հաւատք, որ յարուցուած քաղաքական գործընթացները պիտի լուծեն այն խնդիրները, որոնք մենք դրած ենք մեր առջեւ։ Յատկապէս առաջին օրը, երբ դժուարութեամբ դիմացանք Ջաջուռի ցուրտ քամիներուն, շատերը կը հեռաձայնէին, կը գրէին, որ անիմաստ տեղը մենք մեզ կը տանջենք, ժողովուրդը չի գնահատեր, բան չի փոխուիր։

Բազմաթիւ իրադարձութիւններ եղան, որոնք կաթիլ առ կաթիլ մեծցուցին հաւատքը, որ այս շարժումը ունի ներուժ։ »,-  կը յիշէ Մխիթարը։

Որքան ալ ի սկզբանէ հաւատացած ենք գաղափարին, որեւէ երաշխիք չկար, որ իրենց քաղաքական գործընթացը պիտի բերէ ոչ միայն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, այլեւ յեղափոխութեան,- կ’ըսէ Մխիթարը։
Յաջողութեան գրաւականները, անոր խօսքով, տարբեր եղած են՝ մարտավարութիւնը, ուսանողութեան եւ քաղաքացիներու հետ սերտ համագործակցութիւնը։

Թէեւ Մխիթարը արդիւնքը կը կապէ տարբեր գործօններու շղթայով, ան կը համարէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումէն իրենք յաղթած դուրս ելած են։

«Սերժ Սարգսեանի պահուածքը, ուղերձը` կապուած Մարտ 1-ի հետ, բանակցութիւններէն դուրս ելլելը ցոյց տուաւ, որ մենք ճիշտ ճանապարհ ընտրած ենք։ Այնուհետեւ տեղի ունեցան ձերբակալութիւնները, փորձեցին գլխատել շարժումը, որ, ըստ իս, ամենաանհեռատես ու ճակատագրական որոշումներէն մէկն էր։ Իմ գնահատումովս, անոնք կը փորձէին գլխատել շարժումը, սակայն մարդիկ կրկնապատկուեցան եւ շարունակեցին մնալ ինքնակազմակերպուած»,- կ’ըսէ ան։

“Չափազանց կարեւոր էր Նիկոլ Փաշինեանի կերպարի ձեւաւորումը՝ իբրեւ պայքարողի։ Բոլորովին այլ կերպ կ’ընկալուէր, եթէ ան քոստիւմով քալէր»,- կ‘ըսէ Մխիթարը ու կը շեշտէ, որ Փաշինեանի կերպարը խումբէն առանձնացնելու խնդիր չէ եղած։ Խումբը պէտք է ըլլար ուսապարկերով, յարմարաւէտ կօշիկներով։

Մխիթարի խօսքով՝ քաղաքացիական աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ գիտակից ողջ կեանքի ընթացքին։ «Գուցէ անիկա բաւական ուշ եղած է՝ 17 տարեկանիս։ Այն ժամանակ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը յայտարարեց քաղաքականութիւն վերադառնալու որոշման մասին։ Ես անոր կառավարման տարիներու մասին լսած էի եւ՛ դրականը, եւ՛ բացասականը, սակայն Ազատութեան հրապարակ երթալ զիս կը մղէր գործող իշխանութեան դէմ պայքարը»,- կ’ըսէ ան։

Մխիթարը կը վստահեցնէ՝ 17 տարեկանին ցուցարարներու շարքերը համալրելու ժամանակ չէր պատկերացներ, որ 10 տարի անց իր գաղափարի շուրջ շարժում պիտի ձեւաւորուի, ինքն ալ նախարար պիտի ըլլայ։ Այն ժամանակ ան ինքզինք կը տեսնէր իբրեւ Թուրքիոյ մէջ առաջին հայ դեսպան, իսկ ներքաղաքական գործընթացներու հանգուցալուծումը աւելի մօտ կը թուէր. «Նման ապագայ չէի պատկերացներ, որովհետեւ այն ժամանակ յոյս ունէի, որ առիթ չ’ըլլար այսքան տարի սպասել, հաւատացած էինք, որ շուտով պիտի յաղթենք»։

Այս ընթացքին տարբեր կարգախօսներ ձեւաւորուած են՝ «Դուխով», «Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն» եւ այլն։ Մխիթարի համար ամենակարեւոր կարգախօսը հնչած է դեռ 11 տարի առաջ. «Ես 2007 թուականէն կը պոռամ՝ «Մենք ենք տէրը մեր երկրի», սակայն առաջին անգամ 2018-ին զգացած եմ, որ մենք ենք տէրը մեր երկրի։ Այդ արտայայտութիւնը ինծի համար անկիւնաքարային է։ Անիկա նաեւ գաղափարական կարեւոր մաս ունի իր մէջ։ Սա անհատի յաղթանակ չէր, որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան յաղթանակ չէր։ Ես համոզում ունիմ, որ եթէ, օրինակ, ՔՊ-ն արտահերթ ընտրութիւններուն ստանայ հանրութեան վստահութեան քուէն եւ մէկ ամիս անց ձախողի, որեւէ սարսափելի բան չ’ըլլար, որովհետեւ զինք փոխարինելու եկած իշխանութիւնը արդէն հաշուի պիտի նստի ժողովուրդի հետ՝ առնուազն ենթագիտակցական մակարդակի մէջ, չըսեմ՝ պիտի վախնայ, բայց պիտի զգուշանայ, որովհետեւ ասիկա ժողովուրդ մըն է, որ սեփական ձեռքերով հեռացուց Սերժ Սարգսեանն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Ասիկա արդէն յաղթանակ է` իշխանութեան կ’ըլլայ ՔՊ-ն, թէ այլ քաղաքական ուժ, երկրորդական է»,- կը նշէ նա։

Մեր հանդիպման ժամանակ Մխիթար Հայրապետեանի՝ նախարար նշանակուելու մասին դեռ յայտնի չէր։ Ան յամառօրէն կը լռէր, թէ ինչ պաշտօն պիտի ստանձնէ կառավարութեան մէջ, պիտի ստանձնէ՞ , թէ՞ ոչ։ Հիմա ան Հայաստանի նոր իրականութիւնը կերտողներէն մէկն է՝ այս պահու դրութեամբ ՀՀ ամենաերիտասարդ նախարարը, որ Մայիս 15-ին նոր կարգավիճակի մէջ պիտի նշէ 28-ամեակը։ Նախարարի պաշտօնը ստանալէն ետք Մխիթարի հետ զրոյցը համալրեցինք։

Սփիւռքի հետ աշխատանքը իրեն համար նոր չէ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամը ղեկավարած է «ՔՊ» Սփիւռքի հետ կապերու բաժինը։ Հակառակ երիտասարդ տարիքին՝ վստահ է, աշխատանքի շնորհիւ պիտի ապացուցէ, որ արժանի է այդ տեղը ըլլալուն։ «Պատասխանատուութիւնը սարսափելի մեծ է` անկախ տարիքէն։ Մենք ստանձնած ենք քաղաքական պատասխանատուութիւն հանրութեան, ժողովուրդի առջեւ։ Չունիմ մտավախութիւն կապուած վարչական կառավարման փորձի պակասի հետ, քանի որ տարիներ շարունակ համակարգած եմ կուսակցութեան Սփիւռքի հետ  կապերը։ Տեղեակ եմ ոլորտի խնդիրներուն։ Նախընտրական շրջանին այս ոլորտի մէջ մեր ծրագիրը մշակողներէն մէկը եղած եմ։ Պատկերացում ունիմ լուծման տարբերակներու մասին։

Բնականաբար, նախարարութեան գործունէութեան ընթացքին անոնք նաեւ փոփոխութիւն կը կրեն, որովհետեւ մենք մտադիր ենք աւելի սերտ համագործակցիլ Սփիւռքի հետ, ուշադիր պիտի ըլլանք անոնց առաջարկներուն։ Ես հաստատակամ եմ, վճռական, վստահ թէ՛ իմ սեփական ուժերուս, թէ՛ իմ խումբիս վրայ։ Այս պաշտօնը ստանձնելու վերաբերեալ նախնական քննարկումներուն տուած եմ իմ համաձայնութիւնս, որովհետեւ, ըստ իս, իմ քաղաքական խումբիս համար ամենաբարդ փուլը նոր կը սկսի։ Այս իմաստով քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելը ինծի համար սկզբունքային հարց էր։ Չեմ խուսափիր պատասխանատուութիւն ստանձնելէն։ Հիմա մեր պետութեան համար կը թեւակոխենք բեկումնային շրջան»,- կ’ըսէ ան՝ միաժամանակ կը վստահեցնէ՝ ոչ գաղափարը մշակելու ժամանակ, ոչ էլ Ջաջուռի ամենավատ գիշերը լուսցնելու ժամանակ պաշտօն ստանձնելու մասին չէ մտածած։

28 տարեկանին նախարարի պաշտօն ստանձնելը Հայաստանի մէջ նոր երեւոյթ է, աշխարհի մէջ՝ քիչ հանդիպող։ Ան կրկնակի պատասխանատուութիւն ունի։ Շարժման ընթացքին անոնց խումբը կոտրեց շարք մը կարծրատիպեր։ Հիմա կառավարման ոլորտէն ներս կարծրատիպեր կոտրելու ժամանակն է։

«Հաւանաբար չափազանց ինքնավստահ հնչէ, սակայն ես կարճ ժամանակի մէջ պիտի  կոտրեմ մտավախութիւններու եւ կարծրատիպերու մեծ մասը։ Անիկա պիտի ընեմ իմ ամենօրեայ քրտնաջան աշխատանքովս, արհեստավարժ մասնագէտներու հետ խմբային աշխատանքով։ Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ։ Մենք շատ յաճախ  խօսած ենք քաղաքական սերնդափոխութեան մասին։ Կը կարծեմ՝ հիմա լաւագոյն ժամանակն է, որ սերնդափոխութիւնը տեղի ունենայ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այդ պաշտօնը վստահած է ինծի։ Իբրեւ ժողովուրդի թեկնածու՝ ան չէր կրնար երկար չկշռադատել մինչեւ որոշում կայացնելը»,- կը նշէ ան ու կը հաւաստիացնէ՝ պիտի աշխատի բաց եւ թափանցիկ։

 

Ամփոփեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը