Հինգշաբթի` Մարտ 29-ի առաւօտեան, ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած է Արցախի մէջ։
Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղի հարեւանութեամբ գտնուող չէզոք գօտիին մէջ ականի վրայ պայթած է «Halo trust» ականազերծող կազմակերպութեան պատկանող մեքենան, որու հետեւանքով զոհուած է 3 ականազերծող, եւս երկուքը վիրաւորուած են:
Ականի պայթիւնի հետեւանքով վիրաւորուած են 1987 թուականի ծնած Գարիկ Վահիրեանն ու 1974 թուականին ծնած Արամ Մկրտչեանը: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, որ Գարիկ Վահիրեանը վիրահատարան կը գտնուի, բժիշկները կը վիրահատեն անոր ոտքերը: «Արամ Մկրտչանն ալ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ»,-տեղեկացուցած են հիւանդանոցէն: