Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է, որ այն իրաւունքներու ծիրէն ներս, որոնք տրուած են իրեն սահմանադրականօրէն, պիտի չարտօնէ, որ երկրի հետաքրքրութիւնները ճիշդ հաշուի չառնուին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նախագահը խօսած է Պելառուսիոյ Համազգային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւրասիական ուղղութեան մասին՝ նախագահը նշած է. «Մեզի համար եւրասիական տարածաշրջանը բարեկամական տարածաշրջան է, այստեղ այն երկիրներն են, որոնք բացարձակ բարեկամական ու եղբայրական են մեզի հանդէպ: Ատիկա նաեւ Հայաստանի համար հսկայական շուկայ է, հետեւաբար մեր մասնակցութիւնը եւրասիական տարածքին մէջ կը բխի մեր արմատական հետաքրքրութիւններէն, այլ ոչ թէ որովհետեւ ոեւէ մէկը մեզի որեւէ տեղ կը հրէ։ Կը կարծեմ՝ ով ալ ի վերջոյ ըլլայ կառավարութեան մէջ, ես անձամբ որեւէ պարագայի, այն իրաւունքներու ծիրէն ներս, որոնք տրուած են ինծի սահմանադրականօրէն, չեմ արտօներ, որ մեր երկրի շահերը ճիշդ հաշուի չառնուին»:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ՀՀ նախագահը ընդգծած է, որ ատիկա միայն Հայաստանի խնդիրը չէ, անիկա նաեւ Արցախի ժողովուրդինն է ու Ատրպէյճանինը: «Ես կոչ կ’ընէի բոլորին, որ Հայաստանի մէջ այս դժուար պահուն, որմէ աշխարհի մէջ ոչ ոք երաշխաւորուած է, ցուցաբերել զսպուածութիւն, որպէսզի չըլլան սադրանքներ: Տայ Աստուած, որ խաղաղ բանակցային գործընթացին իբրեւ արդիւնք մենք ի վերջոյ հասնինք խնդիրի հանգուցալուծման»,- ընդգծած է ան: