Նախագահի նստավայրին մէջ Յունուար 16-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած ժողովրդական արտիստ, Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբի ղեկավար Յովհաննէս Չէքիջեանին Հայրենիքի շքանշանի յանձնման եւ մեծարման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Արարողութեան ժամանակ ժողովրդական արտիստ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանի ասպետ Տիգրան Մանսուրեան ներկայացուց Յովհաննէս Չէքիջեանի կենսագրութիւնը, անցած ստեղծագործական ուղին եւ նուաճումները, առանձին դրուագներ պատմեց իր յիշողութիւններէն, որոնք լաւագոյնս կը բնութագրեն խմբավար Չէքիջեանը:
Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործին մէջ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած անձնական մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու համար ՀՀ բարձրագոյն կոչման արժանացած անուանի մտաւորականին յանձնելով Հայրենիքի շքանշանը` Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անունէն մաղթեց քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ անոր շնորհակալ գործին մէջ:
Պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ նախագահ Սարգսեան իր շնորհաւորական խօսքը յղեց ազգային հերոս Յովհաննէս Չէքիջեանին: