Չեմ վախնար մահէն, խաղաղութիւն կ՛ուզեմ. Զատիկը Արցախի մէջ` La Stampa–ի լրագրողի աչքերով

Անոնք կ՛առաջարկեն եւրոպացի առաջնորդներուն գալ ու անձամբ արձանագրել փաստերը:

Զատիկին նուիրուած ժամերգութիւն` մեկուսացուած Դադիվանքի` Արցախի լեռներուն մէջ: Հաւաքուածները, թէկուզ եւ կարճ ժամանակով, բայց կը մոռնան անդադրում, անվերջանալի կռուի մասին:

«Առաջին անգամ Արցախի ղեկավարները հաւաքուած են այստեղ` Դադիվանքի մէջ, Քրիստոսի Յարութիւնը նշելու», —ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանը: Այս մասին՝ ըստ «Սփութնիք»-ի՝  նշուած է La Stampa պարբերականի` Արցախի մասին դրուագի մասին:

«Մենք կապեր ունինք Ատրպէյճանի կրօնական առաջնորդին հետ, ութ-ինը տարի առաջ հանդիպած ենք: Մենք պատրաստ ենք սատարելու խաղաղութեանն ու բանակցութիւններուն: Սակայն անկախութեան հարցով զիջումներ չեն կրնար ըլլալ», — ըսած է ան:

Կեանքի առաջին տարիներէն սկսած` արցախցի երեխաները կ՛ուզեն զինուոր ու ոստիկան դառնալ ու կռուիլ իրենց երկրին համար:

«Սուրիայէն վերդարձած են բազում ջիհատականներ, որոնք կը համալրեն ատրպէյճանական բանակի շարքերը: Նորութիւն չէ, որ անոնք որպէս ատրպէյճանցի զինուոր կը քօղարկուին», — ըսած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Վանքի մօտ հարիւր մարդ հաւաքուած է: Անոնք իրենց հետ տօնական ուտեստներ բերած են: Այստեղ նաեւ վրան դրած է նախագահ Բակօ Սահակեան: Ան կը հրաւիրէ իտալացիները գարնան խորաւած համտեսելու:

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն ներկայացնել հակամարտութիւնը որպէս զուտ կրօնական: Ոչինչ կրնայ աւելի հեռու ըլլալ ճշմարտութենէ, քան այդ պնդումը: Մենք կը կռուինք ահաբեկիչներու, այլ ոչ թէ հաւատացեալներու դէմ:

«Հիմա Իտալիան ԵԱՀԿ նախագահ է: Առաջին հերթին Իտալիոյ իշխանութենէն կ՛ակնկալենք, որ անոնք գան այստեղ: Իսկ ոչ ոք այստեղ կու գայ, թէեւ բանակցութիւններուն նպատակը խնդրին առերես առնչուիլն է», — ըսաւ Արցախի նախագահը:

Մենք կը տեղաշարժուինք սահմանի խրամատներով: Մեզի կ՛ուղեկցի հարիւրապետ Գեղամը: Ան անգլերէն կը խօսի: Ան Ատրիանօ Չելենթանոյի մեծ երկրպագուն է: Մենք հողէ արահետով կը մօտենանք խրամատներուն: Եւ ահա այստեղէն կ՛երեւի չէզոք գօտին: Եւ այստեղ մեզի կը հետեւին ատրպէյճանցի դիպուկահարները:

Հարիւրապետ Արմէնը 25 տարեկան է: Ան ամուսնացած է: «2016 թուականի Ապրիլին ատրպէյճանցիները յարձակեցան մեր վրայ, մենք անոնց չզիջեցանք: Ես զինուորական եմ: Չեմ վախնար մահէն», — հպարտօրէն կ՛արտաբերէ ան ու կը շօշափէ ծառայողական զէնքը:

«Մենք կ՛ուզենք` ամէն ինչ խաղաղութեամբ աւարտի: Իսկ մինչեւ խաղաղութիւն չգայ, մենք պէտք է այստեղ ըլլանք», — աւելցուց ան:

Նշենք, որ եւրոպացի լրագրողներէն իտալացիները Արցախի ամենայաճախակի հիւրերէն են: