Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 23-ին, Ստեփանակերտի մէջ, մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին` նուիրուած 2017-ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2018-ի ընելիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Իր ելոյթին ընթացքին՝ երկրի ղեկավարը անդրադարձած է 2017-ին բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուած մեծածաւալ աշխատանքներուն, յանձնարարականներ տուած 2018-ին նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Նախագահ Սահակեան, 2017-ին ոլորտին մէջ իրականացուած աշխատանքները, ընդհանուր առմամբ, գնահատած է բաւարար` նշելով, որ անոնց արդիւնքները տեսանելի են:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ ներկայացուած առաջադրանքները կարեւոր են եւ կը պահանջեն ամենօրեայ համակարգուած, քրտնաջան աշխատանք հրամանատարական կազմի բոլոր օղակներուն կողմէ:
«Համոզուած եմ, որ մեր բանակը, ինչպէս միշտ, ի վիճակի է արդիւնաւէտօրէն լուծելու իր առջեւ դրուած խնդիրները: Պետութիւնը, իր հերթին, պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել բանակաշինութեան ոլորտը, պիտի ընէ հնարաւոր ամէն ինչ զինուած ուժերու մարտունակութիւնը բարձր պահելու, զինծառայողներու հասարակական հարցերը լուծելու ուղղութեամբ»,- նշած է երկրի ղեկավարը: