Ռ.Ա.Կ.-ը կ’Առնէ Անկիւնադարձային Պատմական որոշում

adl-blueՌ.Ա.Կ.-ը կը դառնայ Հայաստանակեդրոն

Միացած Մէկ Կուսակցութիւն

 

2016 թուականի Հոկտեմբեր 5-7 օրերը պատմական եղան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար: ՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան հրաւէրով Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Կուսակցութեան 3-րդ (27-րդ) Պատգամաւորական ժողովը, համագործակցութեամբ Սփիւռքի մէջ գործող ՌԱԿ Վերականգնումի եւ Միութեան շարժման վարչութեան: Հայաստանէն մասնակցեցան ՌԱԿ-ի բոլոր կառոյցներէն ընտրուած թիւով 144 պատգամաւորներէն 117-ը, իսկ Սփիւռքի շրջանակներէն  34 ներկայացուցիչներ, որոնք կը ներկայացնէին Միացեալ Նահանգներու 2 շրջանակները, Գանատայի, Արժանթինի, Անգլիայի, Ֆրանսիայի, Յունաստանի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Աւստրալիայի շրջանակներն ու ակումբները:

Երեւանի մէջ գումարուած այս պատմական ժողովի մանրամասն տեղեկագիրը կ’երեւայ մեր այս թիւին մէջ:

Հիմնականին մէջ Ռ.Ա.Կ.-իւնը որ ստեղծուեցաւ Պոլսոյ մէջ 1921 Հոկտեմբերի 1-ին, միացումովը բազմաթիւ համախորհուրդ կուսակցութիւններու, ճակատագրական դրական դեր մը կատարեց Սփիւռքի մէջ, բարոյական ազգային գերագոյն սկզբունքներու որպէս պաշտպան: Ան կեդրոնական միտքը եւ խիղճը դարձաւ սփիւռքահայութեան, այս վերջինը անսակարկ կապուած պահելու համար իր հայրենիքին եւ հաւատքի կեդրոն Ս. Էջմիածնին: Նոյնպէս 1991-ին Հայաստանի անկախացման առաջին օրէն իսկ, Ռ.Ա.Կ.-իւնը ազդու կերպով քայլեր առաւ իր ուղղակի միջոցներով եւ իր բարեկամ կազմակերպութիւններով օգնելու համար որպէսզի Հայաստանը որդեգրէ տէմոքրատական երկիրներու օրինակով կազմակերպչական կառոյցներ: Այդ գծով է որ այդ օրերուն ստեղծուեցաւ Հայաստանի Ռ.Ա.Կ.-իւնը որպէս ՀՌԱԿ:

Ահա այսօր Հայաստանի անկախացման 25-ամեակին վաղորդայնին եւ Ռ.Ա.Կ.-եան 95 ամեայ հայրենանուէր գործունէութեան պանծալի վաստակին վրայ հենելով, Ռ.Ա.Կ.ը այս անգամ կ’առնէ պատմական իմաստուն եւ պատասխանատու քայլը, միացնելու իր Հայաստանի եւ Սփիւռքի ոյժերը որպէս միացած, մէկ, Հայաստանակեդրոն կառոյց որ պարտի աւելի եւս աշխուժացնել իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, պաշտպանելով այնտեղ, ժողովուրդի բարօրութեան ծառայող աշխատանքները եւ մարդկային իրաւունքներու անխափան գործադրութիւնը, իսկ Սփիւռքի մէջ պաշտպան կանգնելով Հայ գաղութներու մէջ կատարուող հայապահպանման դժուարին աշխատանքներուն եւ վերջապէս զօրավիգ կանգնելով հայոց արդար դատի լուծման եւ անոր նպաստող բոլոր նախաձեռնութեանց:

Շնորհաւորութիւն Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ յաջողութիւն անոր առաւել աշխուժացած գործունէութեան ի շահ յաւիտենական Հայ Ժողովուրդին եւ անժամանցելի Մայր Հայրենիք Հայաստանին: