Վիգէն Սարգսեան ԶՈւ սպառազինութեան յագեցման տեսանկիւնէն տարին Հայաստանի համար յաջողած կը համարէ

Հայաստանի զինուած ուժերուն համար ընթացիկ տարին յաջող եղած է սպառազինութեան յագեցման տեսանկիւնէն:

Հոկտեմբեր 2-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: «Սպառազինութիւնը փակ ոլորտ է, եւ ես չեմ կրնար անոր մասին մանրամասն խօսիլ, սակայն կրնամ ըսել, որ տարին մեզի համար յաջողած եղած է սպառազինութեան յագեցման տեսանկիւնէն»,- նշած է նախարարը:

Վիգէն Սարգսեան աւելցուցած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն իրականացնել զինուած ուժերու սպառազինութիւնը համալրելու աշխատանքները, ինչպէս ՌԴ-ի հետ 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրի ծիրէն ներս, այնպէս ալ այլ ուղղութիւններով: