Թրքական Radikal պարբերականի թղթակից, պատմաբան Այշէ Հիւրը կը ներկայացնէ Մուսթաֆա Քեմալի որդեգիր դուստր Սապիհա Կէոքչենի իրական պատմութիւնը: Հիւրը կը նշէ, որ 1990-ականներուն Սապիհայ Կէոքչենը հարցազրոյց մը տուած է Օքթայ Վերելին յայտարարով, թէ իր հայրը Հաֆըզ Մուսթաֆա Իզզեթն է, որուն երիտթուրք ըլլալուն պատրուակով Ապտուլհամիտը Էտիրնէէն Պուրսա աքսորած էր:
Ըստ Կէոքչենի պատմածին` ան մանկութեան կորսնցուցած է իր ծնողները եւ ապրած է աւագ եղբօր հետ: 12 տարեկանին հանդիպած է Աթաթուրքին, որ այդ շրջանին ժամանակաւորապէս կ՛ապրէր Պուրսայի հանրապետական պալատին մէջ: Սապիհան անոր պատմած է իր ուսանելու ծգտումին մասին, իսկ Աթաթուրքը առաջարկած է անոր դուստրը դառնալ եւ անոր միւս դստեր հետ յաճախել դպրոց: Այնուհետեւ նաեւ աղջկայ աւագ եղբօր համաձայնութիւնը ստանալով, Մուսթաֆա Քեմալը աղջկան իր հետ Անգարա տարած է: 1934-ին, երբ ընդունուած է ազգանուններու մասին օրէնքը, Աթաթուրքը Սապիհային «Կէոքչեն» ազգանունը տուած է:
Իսկ 2004 թուականի Փետրուարին Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած եւ Հրանդ Տինքի հեղինակած «Սապիհա- Խաթունի գաղտնիքը» յօդուածին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի քաղաքացի Հռիփսիմէ Սեբելջեան – Գազալեանի վկայութիւնները այն մասին, որ Սապիհայ Կէոքչենը իրականութեան մէջ Խաթուն Սեբելջեանն է, որուն Պուրսայի մանկատունէն որդեգրած է Աթաթուրքը: Որպէս Խաթունի մօրաքոյր ներկայացած Հռիփսիմէի, ինչպէս նաեւ Սեբելջեան ընտանիքի` ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Լիբանանի մէջ ապրող հարազատներուն վկայութիւններուն համաձայն` Արեւմտեան Հայաստանի Այնթափ (Antep) քաղաքին մէջ բնակող Սեբելջեան ընտանիքը 1915-ին հարկադրուած եղած է գաղթել դէպի Հալէպ, իսկ դուստրերը` 6 տարեկան Տիրուհին եւ 2 տարեկան Խաթունը, յանձնած են մանկատան` անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
1918-ի Հոկտեմբեր 30-ի Մունդրոսի զինադադարէն ետք Այնթափ վերադարձած Սեբելջեանները անմիջապէս այցելած են մանկատուն, սակայն Խաթունը այլեւս այնտեղ չեն գտած:
Հռիփսիմէի վկայութեամբ` Խաթունը որդեգրուած է Աթաթուրքին կողմէ, որ երեխաներ չէ ունեցած: Ան այդ շրջանին այցելած է Պուրսայի ամերիկեան մանկատուն, հաւնած եւ որդեգրած է փոքրիկ Խաթունը: Աղջիկը սկիզբը ապրած է Աթաթուրքի մօր` տիկին Զուպէյտայի մօտ` Պուրսայի մէջ, իսկ անոր մահէն ետք `1925-ին Աթաթուրքը զայն Անգարայ տեղափոխած է: