Անին զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ

Ներկայ Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Անի քաղաքը, որ 961-1054 թուականներուն եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, տարուան չորս եղանակներուն զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ։ Անի քաղաքը, որ մշակութային հարստութիւններով նշանաւոր է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ տեղ գրաւած է, կրելով «համաշխարհային քաղաք», «քաղաքակրթութիւններու օրրան», «հազարումէկ եկեղեցի», «40 դռներով քաղաք» անուանումները։

«Մարմարա»-ն կը հաղորդէ, որ այս եղանակին, երբ Անի քաղաքը ծածկուած է ձիւնով եւ ճերմակի սքանչելի տեսարան կը պարզէ, զբօսաշրջիկներու բուռն հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ։ Քաղաքը, որ 68 հեկտար տարածքի վրայ հիմնուած է, պատմութեան տեւողութեամբ պահպանութեան տակ առնուած է 4․5 քիլոմեթր երկարութեամբ ամրակուռ պարիսպներով։ Քաղաքը ամրան ամիսներուն կը ճառագայթէ կանաչ գոյնի բազմազան երանգներով, իսկ ձմրան բիւրեղեայ ձիւներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն առիթ կու տայ անցեալի մէջ պտոյտ մը կատարելու։