Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած Եգիպտոսի խորհրդարանին մեծամասնութիւնը հայանպաստ դիրքորոշում ունի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեան` անդրադառնալով Եգիպտոսի խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացնելուն:
«Շուտով Ապրիլ է, եւ կրկին պատգամաւորները կը բարձրացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նախորդ տարի զգալի թիւով պատգամաւորներ ստորագրած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը օրակարգ մտցնելու եւ քննարկելու համար, սակայն անկէ ետք գործը առաջ չանցաւ: Այս օրերուն խորհրդարանի երկու կարեւոր` Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերը յայտարարութիւններ ըրին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի` ատիկա չկապելով Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրներուն հետ, այլ դիտարկելով զուտ մարդու իրաւունքներու ծիրէն ներս։ Իբրեւ օրինակ ներկայացուեցան Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ կատարած քայլերը»,- ըսած է Արմէն Մազլումեան: Ան նշած է, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը՝ այս հարցին վերաբերեալ՝ ունի հայանպաստ կեցուածք:
Հայ Դատի ներկայացուցիչը դժուարացած է պատասխանելու այն հարցին, թէ ինչ զարգացումներու պէտք է սպասել յառաջիկային, որքան հաւանական է, որ հարցը այս անգամ պիտի մտնէ օրակարգ։ Մազլումեան միայն նկատած է, որ առկայ քաղաքական դաշտը բարենպաստ է: Վերջին շրջանին Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են: Պատճառը տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն է, Եգիպտոսի դէմ ունեցած կեցուածքը: Յարաբերութիւնները այնքան սրած են, որ Թուրքիոյ դեսպանը Եգիպտոսէն վտարուած է:
Նշենք, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Եահիա Քիտուանին եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարէք Խուլին կրկին արծարծած են 1915-ի հայերու կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը: Երկու պատգամաւորները վկայակոչած են Հոլանտայի խորհրդարանին օրինակը եւ Եգիպտոսի խորհրդարանէն պահանջած են նմանօրինակ որոշում: