Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպ. Նալպանտեանի կողմէ, Ապրիլ 24-ին մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ էին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փօլատեանը, ՍԱՀ Ժողովրդական Ժողովի պատգամաւոր, Սուրիա-հայկական խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ Նորա Արիսեանը, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպ. Առնաութեանը, Սուրիոյ ՄԱԿ ներկայացուցիչները Դամասկոսի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորներն ու պատուիրակները, համայնքապետերը եւ այլոք: Պատարագէն ետք՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ մատուցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական կարգ` բարձրաստիճան հիւրերու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Նոյն օրը, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւն այցելեցին դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչները: Դիմելով ներկաներուն` դեսպան Փօլատեան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անց՝ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը վառ կը մնայ հայ ազգի յիշողութեան մէջ եւ անհրաժեշտ է զայն պահպանել եւ փոխանցել եկող սերունդներուն: Դեսպանը ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր ռազմաքաղաքական իրադրութեան պայմաններուն մէջ հայ համայնքի հաւաքականութեան եւ համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անքակտելի եռամիասնութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերեաց եկեղեցւոյ մէջ, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպ. Արնաութեանի ղեկավարութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ աղօթք: Այնուհետեւ, Հայ Կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս` Դամասկոսի ազգային միութիւններու մասնակցութեամբ:
Ապրիլ 24-ին, սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, դեսպան Փօլատեան անդրադարձաւ Օսմանեան Թուրքիոյ` սեփական տարածաշրջանային նպատակները իրականացնելու համար հայ ազգը բնաջնջելու զարհուրելի ծրագիրին: Ապա, ան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը: Արշակ Փօլատեան նաեւ հարցազրոյց տուաւ սուրիական «Իխպարիյա» հեռուստաալիքին: