Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանատունը կը հաստատէ Աֆրինի մէջ հայու մը վիրաւորուելուն փաստը: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Աֆրինի մէջ քիւրտերու դէմ թրքական գործողութիւններու ընթացքին ռումբ ինկած է տան մը վրայ, որ կը պատկանի հայու:
Նշենք, որ Թուրքիան, Յունուար 20–ին, նախաձեռնած էր Աֆրին ներխուժման գործողութիւնը, որուն առաջնագիծի վրայ կը մասնակցին թրքական հովանաւորութեամբ ստեղծուած տարբեր զինուած խմբաւորումները: Թրքական կանոնաւոր բանակի ուժերը 2–րդ գիծ առաջ կը շարժին: Նշենք, որ թրքական պաշտօնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ թրքական կանոնաւոր բանակը տուած է 3 զոհ։