Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Վերածուած Է Խաւաքարտի Պահեստի

Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Պայընտըր շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերանորոգումէն յետոյ վերածուած է պահեստի:

Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ազկ) Պայընտըրի շրջանային կառոյցի նախագահ Ուղուր Տէմիրեզէնը կը պնդէ, որ հայկական եկեղեցին պահեստի վերածած է հէնց շրջանային իշխանութիւնը: Իսկ այդ շրջանային իշխանութեան ղեկավարը ընդդիմադիր ճամբարը ներկայացնող «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» անդամ Ուֆուք Սելսին է:

«Ան շրջանային կեդրոնը մշակոյթի կեդրոն բանալու փոխարէն եկեղեցին դարձուցած են ստուարաթուղթի պահեստի», ընդգծած է Ռէմիրեզէն:

Վերջինս նաեւ աւելցուցած է, որ 1857-ին կառուցուած այդ եկեղեցին հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ վերածուած է կինոթատրոնի: 2010 թուականին Իզմիրի նահանգապետարանը եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերանորոգած են եկեղեցին որպէս մշակոյթի կեդրոն օգտագործելու նպատակով:

Եկեղեցւոյ վերանորոգման համար ծախսուած է 1 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 350.000 տոլար), իսկ վերանորոգման աշխատանքները իրականացուած են Պայընտըրի գաւառ նախկին նախագահ Մեհմէթ Քերթիշի ջանքերով, որ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչն է: