Երեքշաբթի՝ 13 Փետրուար 2018-ին, Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւն` ծանօթանալու 2017-ին մշակուած ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018-ին կատարուելիք աշխատանքներուն:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր զեկոյցով յայտնած է, որ 2017-ին նախարարութեան ճշդած է ռազմավարական երեք հարց` նպաստել հայապահպանումի աշխատանքներուն` համագործակցելով Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն եւ հոգեւոր կառոյցներուն հետ, նպաստել հայկական ներուժի յայտնաբերումին եւ համախմբումին` Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացումին ի խնդիր եւ մշակել հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագիրներ:
Այս նպատակով աշխատանք տարուած է 138 երկիրներու մէջ գործող համայնքներու հետ, եւ յուշագիրներ ու համաձայնագիրներ կնքուած են 43 համահայկական կազմակերպութիւններու հետ: Աշխարհի 21 երկիրներու մէջ ձեւաւորուած են առեւտրական ցանցեր, իսկ սփիւռքահայ համայնքներու մէջ մասնագիտական գործարարական կառոյցներու ստեղծումը կը շարունակուի: Հայրենադարձութեան բաժինով մշակուած է ռազմավարութիւն, ծրագիր, գործողութիւններու ծրագիր եւ օրէնքի նախագիծ:
Սփիւռքի նախարարին համաձայն, կառավարութեան ծրագիրով նախատեսուած 6 գերակայ հարցերուն ուղղութեամբ իրականացած են 26 ծրագիրներ, որոնց մասնակիցներուն թիւը կը հասնի 7000-ի: 2017-ին շարունակուած են աշխատանքները Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու համարկումին, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման հարցերուն լուծման ուղղութեամբ: Կը գործեն միջնախարարական յանձնախումբ, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանգումի խումբ եւ շտապ գիծ: Հայաստանի Տնտեսական Զարգացումի եւ Ներդրումներու Նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է գործարարական ծրագիրներու մշակման:
Հայապահպանութեան եւ սփիւռքի երիտասարդութեան հետ աշխատանքի առնչութեամբ, հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացման ծրագիրներու ծիրին մէջ 2017-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայ 30 երկիրներէ, 2016-ի հետ բաղդատելով մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 100-ով: Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը իրականացած է 9 փուլով, մասնակցած է 1055 սփիւռքահայ երիտասարդ` 36 երկիրներէ: Միացեալ Նահանգներու հայկական կրթօճախներու մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած է 27 կրթօճախի 50 ուսուցիչի վերապատրաստման դասընթացք: 37 երկիրներէ աւելի քան 200 սփիւռքեան հայկական կրթօճախներու առաքուած են 87.000 դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր: Նախարարութեան աջակցութեամբ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած է 16 նոր միօրեայ դպրոց: Իրականացած են նաեւ շրջանային կրթամշակութային ծրագիրներ: Նախարարին համաձայն, 2018-ի գերակայ առաջադրանքներէն է Սփիւռքի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկներու իրականացումը:
Նախարար Յակոբեան զեկուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործին մէջ մեքանիզմներու ներդրման նպատակով` 2017-ին ստեղծուած են աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը, նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժին, որուն մէջ ներկայացուած են իրաւական հարցեր, ներդրումային ծրագիրներ եւ այլ տեղեկատուական նիւթեր:
Կայքին մէջ տեղադրուած է 180 ներդրումային ծրագիր եւ Սփիւռքի գործարարներուն եւ հայկական առեւտրական-արդիւնաբերական պալատներուն ուղարկուած են գործարարական ծրագիրներ եւ տեղեկատուութիւն Հայաստանի մէջ ներդրումներու իրականացման հարթակներու մասին: 290 գործարար ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ, շուրջ 700 հոգիի հետ նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատանքը այդ ուղղութեամբ: Գործարարական ծրագիրներու տարածման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի տեսաժողովներու եւ առցանց քննարկումներու միջոցով: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, սփիւռքահայ գործարարները գոհ են մաքսային համակարգի աշխատանքէն, իսկ խնդիրներու շարքին կը նշեն շինարարական կանոններու կարգաւորումը, դատական համակարգի բարեփոխումը, այլ լեզուներով Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան թարգմանութիւնը եւ այլն: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտնած է, որ կառավարութիւնը բարեփոխումներ կ՛իրականացնէ այս մարզերուն մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայապահպանութեան, Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջագիծին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղութիւններով տարուող շարունակական աշխատանքին եւ յանձնարարած շարունակել աշխոյժ աշխատանքը: Վարչապետը անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան տնտեսական օրակարգի ձեւաւորման հարցին` կարեւոր նկատելով ներդրումներու ներգրաւման, հայրենադարձութեան խթանման եւ մասնագիտական ներուժի համախմբման ուղղուած ծրագիրները: «Ի դէմս Սփիւռքի Նախարարութեան` մենք ունինք լաւ առիթ մեր տնտեսական ծրագիրներուն մէջ ներգրաւելու մեր հայրենակիցները, քարոզելու այն ձեռքբերումները, որոնք այսօր ունինք: Մենք կ՛ըսենք, որ Հայաստանը, փոքր երկիր ըլլալով, լաւ հարթակ է Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն, Եւրոպական Միութիւն եւ իրանական շուկայ մտնելու համար: Այս առումով պէտք է յստակօրէն ձեւակերպուած ըլլայ պետական իւրաքանչիւր օղակի եւ Սփիւռքի Նախարարութեան միջեւ շփման կանոնակարգը:
Երկրորդը հայրենադարձութեան հարցն է. սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան առումով սուրիահայերու փորձառութիւնը ունինք, հիմա պէտք է ձեւակերպենք` ինչպէս պիտի ներգրաւենք: Երրորդը մասնագիտական ներուժի համախմբումն է` նպատակ ունենալով Սփիւռքի միջոցով աւելցնել արտաքին աշխարհի հետ շփման կարելիութիւնները` ժամանակակից քաղաքացի ունենալու համար: 2018-ին այս խնդիրներուն ուղղութեամբ ձեզմէ կ՛ակնկալեմ որոշակի գործնական լուծումներ», ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետը յանձնարարած է յստակ կերպով ձեւակերպել եւ ներկայացնել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հաստատութենական զարգացման վերաբերեալ առաջարկները: Վարչապետը կարեւոր նկատած է նաեւ սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործումը Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջային երկիր ներկայացնելու եւ քարոզելու գործին մէջ, եւ յանձնարարած միասնաբար աշխատիլ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէին հետ: