Հինգշաբթի՝ 5 Ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ երախտաշատ «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» անուանուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ձեռամբ Հռոմի քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ ՏՏ Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՏՏ Արամ Ա.ի: Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան:
10-րդ Դարու հայ սրբացեալ մատենագիրը ծանօթ է իր «Մատեան Ողբերգութեան» Աստուծոյ հետ իր միտիք խօսակցութեան հրաշագործ գրքով: 2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ Նարեկացին հռչակուած է որպէս Հռոմէական Եկեղեցւոյ 36 Վարդապետներէն (Doctor) մին, որու անուանակոչութեան տարեդարձ նշանակուած է Փետրուար 27-ը:
Շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզեայ արձանը ձուլուած է Չեխիոյ մէջ, հեղինակը Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է, ճարտարապետը` Միքայէլ Հասրաթեանը: Այս նախաձեռնութիւնը իրականացած է Միքայէլ Մինասեանի և ռուսաստանաբնակ յայտնի գործարար Արթուր Ճանիբեկեանի բարերարութեամբ ու Սուրբ Աթոռի ՀՀ դեսպանութեան մշակոյթի բաժինի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերուն շնորհիւ:
Արձանը պատրաստուած էր երկու օրինակներով. մէկը տեղադրուեցաւ Վատիկանի մէջ, իսկ միւսը պիտի տեղադրուի Էջմիածնի մէջ։
Վատիկանի պարտէզներուն մէջ արձանի հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքին և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին և ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին մասնակցութեամբ: