Քեսապի Մերձակայ Զահի Լեռնագագաթը Ազատագրուած Է

ԵՐԵՒԱՆ.- Քեսապի մէջ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 21ին ազատագրուած է կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Զահի լեռնագագաթը որ կը գտնուի Քեսապէն 15 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Սուրիական բանակը, ռուսական օդային ուժերուն հետ, քանի մը օր շարունակ ռմբակոծած է լեռնագագաթը եւ կրցած է ազատագրել զայն, ինչպէս նաեւ անոր մերձակայ բլուրներն ու հովիտները: Մինչ այդ, լեռնագագաթը կը գտնուէր զինեալներու վերահսկողութեան տակ. անոնք այդտեղէն կը հրթիռակոծէին Քեսապի շրջանները: Բանակը այժմ կը շարունակէ զինեալներէն մաքրել Զահի լեռնագագաթին մօտ գտնուող հովիտները եւ խիտ անտառները:

Բացի Զահի լեռնագագաթէն, ազատագրուած են Քեսապէն 25-30 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող քանի մը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կէտեր: Կը

յուսացուի որ Քեսապ-Լաթաքիա ճանապարհը կը վերաբացուի եւ այդ մէկը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ: Գլխաւոր ճամբան անապահով ըլլալուն, կը գործածուէր Քեսապ-Լաթաքիա տանող ծովեզերեայ ճանապարհ: