Ֆիրտուս Զաքարեան. «Ստեղծուած իրավիճակին համար ես զիս եւս պատասխանատու կը համարեմ»

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է։

Զաքարեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2009 թուականի Հոկտեմբերէն:

Ան հրաժարականի իր դիմումին մէջ գրած է․

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն: Անկախութենէն ի վեր հանրութեան այդ բնականոն ցանկութիւնը ոչ մէկ կերպով լիարժէք իրացում ստացաւ: Այլ ժողովուրդներ շատոնց կը վայելեն կամարտայայտութեան միջոցով հանգուցալուծումներու հասնելու պտուղները: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ ընտրակեղծիքներու ու ընտրակաշառքներու միջոցով իշխանութիւն ձեւաւորելու արատաւոր սովորութիւնը տարիներու ընթացքին հանրութիւնը հասցուց խոր հիասթափութեան: Խեղաթիւրուեցան մարդկային բարձրագոյն արժէքները, փողի ու անօրինականութեան միջոցով հարցեր լուծելը դարձաւ հերոսութեան պէս բան մը: Անկում ապրեցան մեր հոգեւոր իտէալները: Շատերը իրենց խնդիրներու լուծման միջոցը համարեցին հայրենիքէն հեռանալը: Այս ամէնուն համար իշխանութեան մէջ գտնուող իւրաքանչիւր ոք ունի մեղքի իր բաժինը: 20 տարի ըլլալով իշխող` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն նաեւ խորհուրդի անդամ, այնուամենայնիւ, ես բաւականաչափ աշխոյժ չեմ եղած եւ անհրաժեշտ ջանքեր չեմ ներդրած կուսակցութեան գաղափարներն ու գործելաոճը անաղարտ պահելու, ատով իսկ երկրին մէջ անցանկալի երեւոյթներու դրսեւորման դիմակայելու հարցով: Պատճառը որոշումներու կայացման վրայ ազդելու բաւականաչափ լծակներ չունենալը չէ եղած միայն: Հաւանաբար դեր ունեցած է նաեւ քաղծառայութեան ոլորտի մէջ վերջին 9 տարիներուն զբաղուած ըլլալը, գուցէ եւ վճռականութեան պակասը: Շատերու պէս ես ալ դրսեւորած եմ անտարբերութիւն, պահպանած անթոյլատրելի լռութիւն այն պահերուն, երբ անհրաժեշտ էր ատոնց մասին բարձրաձայնել: Ինչ որ է, եկած է սթափ որոշում կայացնելու պահը:

Թէեւ աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը պաշտպանուած է Քաղծառայութեան մասին օրէնքով, եւ ինծի ոեւէ մէկը չէ առաջարկած ձգել զայն, այդուհանդերձ, մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար ես զիս եւս պատասխանատու կը համարեմ, որմէ մեկնած` ներկայացուցած եմ հրաժարականի դիմում:

Կ՛ուզեմ զիս ճանչցողներուն հաւաստիացնել, որ խաղաղ իշխանափոխութիւնը մեր երկրի բնականոն զարգացման համար այնքան պահանջուած էր ու կարեւոր, որ պետութեան ու հայրենիքի շահը գիտակցող իւրաքանչիւր մարդու համար այլեւս էական չէ, թէ իշխանափոխութեան պահուն սահմանագիծի որ կողմը կը գտնուի` յանձնողի՞, թէ՞ ընդունողի:

Սփիւռքի նախարարութիւնը եղած է եւ կը մնայ կարեւորագոյն գործիք Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցով: Ուրախալի է, որ այս առումով հին եւ նոր ղեկավարներու մօտեցումներուն մէջ տարբերութիւններ չկան:

Շուրջ 10 տարիներու ընթացքին դրուած են ամուր հիմքեր, որոնց վրայ կրնան կազմուիլ ու իրագործուիլ հայրենանպաստ, իրատեսական այլ ծրագիրներ:

Ես յաջողութիւն կը ցանկամ նոր իշխանութիւններուն եւ կը մաղթեմ ժողովուրդի կամքով հռչակուած գաղափարներու անվրէպ իրականացում:

Նոր Հայաստանը բոլորիս որդիներուն Հայաստանն է:

Պատրաստ եմ օգտակար ըլլալու անկեղծ խօսքով:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի իմ բոլոր գործընկերներուն համատեղ աշխատանքի համար:

Ամենայն բարիք բոլորիս:

Յարգանքով`

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար

Ֆիրդուս Զաքարեան