Թուրք հետազօտող Էրոլ Քեթենճին Սթամպուլի մէջ կառավարութեան օսմանեան արխիւին մէջ Համշէնի եւ համշէնահայերու վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ պարունակող երկու փաստաթուղթ գտած է:
1913 թուականի Յունիս 1-ով թուագրուող փաստաթուղթերէն մէկը Օսմանեան բանակի գլխաւոր սպայակոյտին կողմէ Ներքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած փաստաթուղթ մըն է: Ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթին` փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «Համշէնի շրջանի գիւղերուն (անունները մէկ առ մէկ կը յիշատակուին փաստաթուղթին մէջ) Համշէն անունով յայտնի բնակչութիւնը հայկականութենէ հեռացած մահմետականներ են»: Երկրորդ փաստաթուղթը (1913 թուականի Յունիս 3) Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Տրապիզոնի նահանգապետարան ուղարկուած պաշտօնական գրութիւն մըն է, որուն մէջ մէկ առ մէկ նշուած են գիւղերու անուններ, որոնց բնակչութիւնը «ծագումով հայեր են, բայց կրօնափոխ եղած են»:
Հակիրճ ներկայացնելով փաստաթուղթերուն բովանդակութիւնը` «Ակօս»-ը կը գրէ, երկու փաստաթուղթին հիմնական նպատակը չձգել, որ համշէնցիները «միամտութեան եւ անփորձութեան պատճառով տեղի տան միսիոներներու խաբէութիւններուն»:
«Ակօս»-ի խնդրանքով փաստաթուղթերուն մասին կարծիք յայտնած է Երեւանի Պետական Համալսարանի հայագիտութեան եւ բանասիրութեան բաժանմունքի դասախօս Հայկազուն Ալվրցեանը:
Ան յայտնած է, որ Համշէնի եւ համշէնցիներու շուրջ վերջին շրջանին հետաքրքրութիւնը մեծցած է եւ գիտական աշխատութիւններու կողքին կան նաեւ պատուէրով գրուած աշխատութիւններ: Վերջինները, ըստ մասնագէտին, հիմնականօրէն միտուած են իսլամացուած համշէնցիներու պատմութիւնը ամբողջապէս խեղաթիւրելուն: Հիմնականօրէն համշէնահայերը կը ներկայացուին որպէս թրքական ծագում ունեցող տարր: «Հակառակ որ համշէնցիները իրենց երբեք թուրք չեն ներկայացուցած, բայց անոնց մեծամասնութիւնը վախէն կամ այլ գործօններու պատճառով չեն բարձրաձայնած իրենց հայկական ինքնութեան մասին»,-ըսած է Ալվրցեան: Անոր կարծիքով վերոնշեալ փաստաթուղթերը գիտական բացայայտումներ կը ներկայացնեն, որոնք Ալվրցեան ներկայացուցած է 4 կէտով.
1. Կը հերքուին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ անոնց ուղղորդումով «գիտական պնդումներ» առաջ քաշող շրջանակներու մեկնաբանութիւնները թէ համշէնցիները հայեր չեն:
2. Փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած «համշէնցիներու միամիտ եւ անփորձ ըլլալու պատճառով այնտեղ միսիոներներու գործունէութիւնը շատ է» արտայայտութիւնը ուշագրաւ է: Հետաքրքիր է, որ արմատներով հայ, սակայն կրօնափոխ ներկայացուող համշէնցիներու հարեւանութեամբ նաեւ մահմետական լազեր կը բնակին, սակայն վերջիններուս համար չեն վախնար, որ կրնան միսիոներներու թակարդը իյնալէն: Թերեւս փաստաթուղթին հեղինակները «միսիոներ» անուան տակ հայերը նկատի ունեցած են:
3. Ըստ փաստաթուղթերէն ստացած տեղեկութեան համշէնահայերու իսլամացումէն անցած է 200 տարի, սակայն իշխանութիւնները կը վախնային որ համշէնահայերը կրնան վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ նախահայրերու կրօնին:
4. Վերջապէս փաստաթուղթերը շատ կարեւոր հարց կը բերեն օրակարգ. Ո՞վ, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ համշէնահայերու պատմութիւնը ցանկացած է աղաւաղել:
Իսկ Էրոլ Քեթենճին ըսած է, որ փաստաթուղթերու յայտնաբերումը ցոյց կու տայ, որ որեւէ բան յաւերժ գաղտնի չի կրնար մնալ: