Ֆրանսայի Ալեւիները ներողութիւն կը խնդրեն Հայ ժողովուրդէն

Ֆրանսայի ալեւիները ներողութիւն խնդրած են հայ ժողովուրդէն, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ չեն կրցած փրկել զանոնք: Համապատասխան յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի Ալեւիներու միութիւններու դաշնութիւնը, կը գրէ News.am-ը` յղում կատարելով «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը:
Ալեւիական կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Դարեր շարունակ Անատոլիայի հնագոյն ժողովուրդները ունեցած են ընդհանուր ճակատագիր: Անոնց կերակրած է նոյն հողը, անոնք խմած են նոյն ջուրը, շնչած են նոյն օդը եւ զարգացած են նոյն արեւի տակ: Սակայն ալեւիներու, հայերու, քիւրտերու, յոյներու, ասորիներու միջեւ այդ ներդաշնակութիւնը խաթարուեցաւ անոնց կողմէ, որոնք, ուշադրութիւն չդարձնելով այդ հողերու մշակութային, լեզուական եւ կրօնական հարստութեան, մշտապէս կ՝ուզէին քաղաքական ձուլման միջոցով, մասամբ` շատ դաժան, վերացնել այդ ամէնը: Անոնք երկիրը խորտակեցին արեան եւ արցունքներու մէջ: Անոնք մռայլ տարիներ էին, երբ 100 տարի առաջ զինուորականներն ու զինուած խմբակները տեղահանեցին եւ սպանեցին հայերն ու ասորիները»:
Այնուհետեւ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք օգնութիւն ցուցաբերեցինք մեր հարեւաններուն, որոնք մեր կողքին եղած են մեր հարսանիքներու, յուղարկաւորութիւններու, հիւանդութեան եւ առողջ ժամանակ: Չնայած բազմաթիւ դժուարութիւններուն` մենք ըրինք հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի անոնց փրկենք տառապանքներէն: Մենք զանոնք չէինք յանձներ դահիճներուն ձեռքը: Ցաւօք, չկրցանք փրկել բոլորը: Մենք չկրցանք կանխել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եւ կը շարունակենք մեր մէջ կրել այդ անկարողութեան ցաւը: Մենք` ալեւիներս, մեր հարեւաններէն, մեր եղբայրներէն կը խնդրենք ներել մեզի ատոր համար: Դուք, որ մեզի կը զգուշացնէիք, որ ձեզմէ ետք նաեւ մեր հերթը պիտի հասնի, կը խնդրենք, ներէ՛ք մեզ: Կը խնդրենք, ներէ՛ք մեզ Հրանդ Տինքի համար, որուն վախկոտ սպանութիւնը չկրցանք կանխել»: