Պէյրութ-Երեւան տոմսը` մօտ 150 Եւրօ
«Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը, Ամանորին ընդառաջ, մշակած է նոր սակագնային քաղաքականութիւն: Ընկերութեան դէպի Հայաստան բոլոր կանոնաւոր չուերթերու տոմսերը պիտի ըլլան մատչելի, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:
Մասնաւորապէս` Թել Աւիւէն Երեւան Դեկտեմբեր 31-ին, իսկ վերադարձի տոմսը Յունուար 4-ին կամ 7-ին գնելու պարագային «Արմենիա»-ի ուղեւորները կը վճարեն ընդամէնը 148 եւրոյին համարժէք դրամ: Նշենք, որ տուեալ ուղղութեան համար առաջարկուող այս գինը ամենացածն է այս ուղղութեան համար:
Ամանորի եւս մէկ նորամուծութիւնը Պէյրութ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեան համար հաստատուած նոր սակերն են: Յատկանշական է, որ դեռ քանի մը տարի առաջ այս ուղղութեամբ տոմսերու գիները ամառուան եւ Ամանորի եղանակին շատ բարձր էին` հասնելով մինչեւ 500 եւրոյին համարժէք դրամի: Դեկտեմբեր 18-էն Պէյրութէն Երեւան չուերթերու տոմսերը հասանելի պիտի ըլլան 140 եւրոյին համարժէք դրամով, իսկ Երեւանէն Պէյրութ տոմսերը` սկսած 148 եւրոյով:
«Այս կերպով մենք կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին: Կը ցանկանք, որ նշուած երկիրներէն մեր ազգակիցներն ու զբօսաշրջիկները ժամանեն Հայաստան եւ դիմաւորեն Նոր Տարին այստեղ», – նշած է ընկերութեան փոխտնօրէն Գէորգ Խաչատրեան: