Աւելի քան 250 վարչականներու մասնակցութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  գումարեց տարեկան վարչական ընդհանուր ժողովը

Կիրակի` 26 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան   հովանաւորութեամբ,  ՀԵԸ-ի  32 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի  քան  երկու  հարիւր յիսուն վարչականներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  տարեկան վարչական  ընդհանուր  ժողովը:

Լիբանանի, Հայաստանի,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու  յոտնկայս  ունկընդրութենէն  ետք,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն, ի մասնաւորի ՝ ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր  տիկին Սիլվա Լիպարիտեանին. « Իւրաքանչիւր տարի կը  համախմբուինք այս  սրահին մէջ  հաշուեյարդարի եւ  հաշուետուութեան:  Արդար  հպարտութեամբ կ’արձանագրենք, որ շնորհիւ  բոլորիդ  հաւաքական աշխատանքին եւ մասնակցութեան, անցնող  տասն  եւ երկու ամիսներուն կանգուն եւ  կենսունակ   մնացին  մեր 86-ամեայ  Միութեան կառոյցները:  Կը  հաւատանք, որ  այսօր, վաղը եւ ապագային, հաւաքական  նոյն վճռակամութեամբ եւ  յանձնառութեամբ պիտի շարունակէք  Ձեր առաքելութիւնը» շեշտեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը,  մէկ առ մէկ գնահատելով  սկաուտական, մարզական,  մշակութային, երիտասարդական միաւորներուն  զոհողութեամբ եւ  նուիրումով աշխատանքը:

Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան  յատուկ խօսք  ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին  եւ անոր  ատենապետ  տիար  Ժերար Թիւֆենքճեանին`  ՀԵԸ-ի  միջոցառումներուն  մնայուն  կերպով նեցուկ  կենալու  անմնացորդ պատրաստակամութեան: Ան, շնորհակալութեան խօսք յղեց  նաեւ   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  անդամներուն եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակին:

Ժողովը    ծափահարութիւններով  դիմաւորեց   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի   ֆութպոլի  նոր մարզադաշտին շինարարութեան  աւետիսը,  երախտագիտութեամբ արձանագրելով  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովին եւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան  հետեւողական ջանքերը, բազում զոհողութիւնները, իրականացած տեսնելու  տարիներու երազ մը:

Այս  նպատակով,  մեծ պաստառի վրայ  հերթականութեամբ ցուցադրուեցան  ֆութպոլի մարզադաշտին  շինարարութիւնը  եւ   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ  կազմակերպուած՝Art For A  Cause  նկարչական   ցուցահանդէսը նկարագրող տեսաերիզներ:

Գնահատանքով արձանագրուեցան,  Art For A  Cause  նկարչական   ցուցահանդէսի յաջողութեան   ի սպաս, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Կերի  Ֆեթէլի, ինչպէս   նաեւ ֆութպոլի  մարզադաշտին շինարարական աշխատանքներուն, Կեդրոնական Վարչութեան  գանձապահ՝ Վաչէ  Մելքոնեանի անմիջական հետապնդումները:

Ընդհանուր  վարչական  ժողովի առաջին բաժնին մէջ, խօսք առին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  բոլոր վարչութիւններուն ներկայացուցիչները: Անոնք  ամփոփ  տողերու մէջ   զեկուցեցին  անցնող տարուան  իրենց   գործունէութիւնը: Գրաւոր խօսքերուն զուգահեռ, մեծ պաստառի վրայ  կը ցուցադրուէին  վարչութիւններուն աշխատանքը խտացնող  տեսաերիզներ:

Կարճ  դադարէ եւ յիշատակի  խմբանկարէն ետք,  ընդհանուր  վարչական ժողովը  շարունակեց  իր  աշխատանքը,  քննարկելուվ  2018  տարեշրջանի  համար նախատեսուած  ծրագիրները,  անոնց պիւտճէական  գնահատումները: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ մտքերու  փոխանակում:  Առաջարկութիւնները  արձանագրուեցան, հետագայի  համար, առ ի  քննարկում:

Ընդհանուր  վարչական   ժողովը   եզրափակուեցաւ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական  ճիգերով աշխատանքը շարունակելու   բարեմաղթութիւններով:

 

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ