Սուրիական պատերազմի հետեւանքով վտանգաւոր ուղիներով աւելի բարեկեցիկ երկիրներու ճամբան բռնող սուրիացի փախստականներուն մէջ հայեր չկան, իսկ եթէ ըլլան ալ` կարելի է մատներու վրայ հաշուել: Հայ համայնքը մինչեւ այսօր կրցած է բարւոք ճանապարհներով հասնիլ Լիբանան, Հայաստան կամ ալ եւրոպական երկիրներ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Հայաստան ժամանած Տէր Արմաշի հետ հարցազրոյցը:
-Արմաշ Սրբազան, ինչպիսի՞ն է այս պահուն պատերազմական Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն վիճակը թէ հոգեբանական, թէ ընկերա-տնտեսական տեսանկիւններէ:
-Դժբախտաբար, գաղթականներու, փախստականներու նոր ալիք մը բարձրացած է, ու բոլորը կը թակեն Եւրոպայի ու աւելի բարձր կենսամակարդակ ունեցող երկիրներու դռները` այնտեղ իրենց կեանքի նոր բախտը փորձելու: Մեզի համար այս ամէնուն մէջ մտահոգութիւնը այն է, որ մարդիկ այնքան յուսախաբուած ու յուսալքուած են, որ պատրաստակամ են նոյնիսկ ծովերու մէջ լողալով կամ անտառներ ու լեռնային սահմաններ հատելով, իրենց կեանքի գնով հասնելու աւետեաց ափեր:
Բոլոր այս փախստականները այն յուսախաբ վիճակի մէջ են, որ յստակ է իրենց համար` ետդարձի ճանապարհ չունին: Այս յուսախաբութիւնը ամբողջ Սուրիոյ մէջ է, այս պայմաններու մէջ կ՛ապրի հայ համայնքը ըլլայ` Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, թէ Քեսապի մէջ: Պէտք է յիշել, որ անոնք, որոնք կ՛ապրին Սուրիոյ մէջ, քաջութեամբ կը շարունակեն իրենց մշակութային, կրթական կեանքը: Ուրախութեամբ կրնամ յայտարարել, որ Սեպտեմբերին կրկին բացուեցան հայկական վարժարանները, դասընթացքները կ՛ընթանան կանոնաւոր կերպով, բայց, դժբախտաբար, հայ աշակերտութեան աւելի համեստ թիւերով: Երթալով կը նուազի հայ բնակչութեան թիւը, քանի որ անոնք ալ կը փորձեն իրենց կեանքի նոր ուղին գտնել Սուրիայէն դուրս, ամենամօտը Լիբանան, ապա Հայաստան, նաեւ Արեւմտեան այլ երկիրներ:
-Արդեօ՞ք վտանգաւոր ուղիներով եւրոպական երկիրներ գացողներուն մէջ հայեր կան, ունի՞ք այդպիսի տեղեկութիւններ:
-Մեր տուեալներուն համաձայն եւ մեր ժողովուրդի վկայութիւններով` բարեբախտաբար, այդ ծովերը հատող կամ անտառներու մէջէն դժուար ճամբաներ անցնող խումբերուն մէջ հայեր չկան, եթէ կան` մատներու վրայ կրնանք հաշուել: Բարեբախտաբար, մեր համայնքի անդամները մինչեւ այսօր կրցած են գտնել հնարաւորութիւն, որ աւելի բարւոք ճանապարհներով հասնին` մեքենաներով, օդանաւերով:
– Յայտնի է, որ պատերազմի հետեւանքով հայկական մշակութային արժէքներ կ՛ոչնչացուին, կա՞ն թուային տուեալներ, թէ ինչպիսի՞ ժառանգութիւն կորսնցուցած ենք մինչ հիմա:
– Հայ Առաքելական եկեղեցիին պատկանող մօտ 32 եկեղեցի ունեցած ենք Սուրիոյ մէջ: Յստակ է, որ Տէր Զօրի եկեղեցին պայթեցուած է, մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք, քանի որ այդ շրջանը «Իսլամական պետութիւն» զինեալներու հսկողութեան տակ է: Ատոր կողքին Հալէպի մէջ ունինք այրուած կամ ռմբակոծութենէ մասամբ վնասուած եկեղեցիներ, որոնք չեն գործեր, քանի որ այդ շրջանները շատ վտանգաւոր են ու հատման գիծին մօտ:
Ունինք Քեսապի մէջ եկեղեցիներ, որոնք մէկ տարի առաջուան յարձակումէն ետք դադրած էին գործելէ, բայց արդէն սկսած են, որոշ կանոնաւորութեամբ կը կատարուին արարողութիւններ:
Հոմսի մէջ մեր եկեղեցին դեռ վնասուած վիճակի մէջ է, այնտեղ արարողութիւն եւս չի կատարուիր, մենք կը սպասենք` օրերը լաւանան, որ այնտեղ ալ նորոգութիւն կատարենք: Հոմսի մէջ մարդիկ աւելի միտուած են իրենց բնակարանները փրկելուն, իսկ եկեղեցւոյ շրջանը վտանգաւոր սահմանագօտիի մէջ է:
Կան եկեղեցիներ, մշակութային տուներ, ակումբներ, ինչպէս Հալէպի, այնպէս ալ Դամասկոսի մէջ, որոնք պայթիւններու թիրախ դարձած են կամ ալ մօտակայ պայթիւնի պատճառով վնասուած են եւ դադրած են մշակութային գործունէութիւնը: Հալէպի մէջ որոշ դպրոցներ ստիպուած եղան փակուելու վտանգի պատճառով, որոշ դպրոցներ տեղափոխուեցան այլ մշակութային վայրերու սրահներ, իսկ մէկ դպրոց ալ կը կատարէ տարբեր հերթերով դասընթացքներ, որպէսզի վնասուած դպրոցներու աշակերտները նաեւ իրենց դասընթացքները ունենան մէկ դպրոցի մէջ:
-Ձեզի համար հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները տեսանելի՞ են, Արմաշ Սրբազան:
-Շատ դժուար է պատասխանել այս հարցումին: Կրնամ ըսել հետեւեալը, եթէ միջազգային լուրերուն հետեւինք` Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնագիրը, Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Չինաստանի ու Եւրոպայի երկիրներու երկխօսութեան ու դիւանագիտական նոր ուղին կը յուսադրեն մեզի, մանաւանդ որ այս օրերուն ՄԱԿ-ի մէջ ժողով տեղի կ՛ունենայ: Այնտեղ ալ օրակարգի վրայ Սուրիոյ խնդիրը ու սուրիացի փախստականներու հարցը:
Սուրիացի փախստականները իրենց գաղթով եւրոպական երկիրներուն ստիպեցին, որ այդ երկրները վերանային իրենց կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ: Եւ ամէն կողմէ սկսած են հնչել խաղաղութեան ուղղուած քաղաքական լուծումներու նոր առաջարկներ: Յուսով ենք, որ միջազգային քաղաքական ընտանիքը միասնական կը յայտարարէ եւ համաձայնութեան կու գայ, կը հասկնայ ու կ’ընդունի, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը ահաբեկչութիւն է: Միասնական ուժերով կը կարենանք պայքարիլ «Իսլամական պետութեան» դէմ: Յուսանք, որ պատերազմը դադրի ու նոր էջ բացուի, որ կոչուի վերականգումի էջ, ամէն մէկ ընտանիք, համայնք իր կարողութիւններով վերագտնէ իր ուժը` վերակառուցելու, վերանորոգելու իր կառոյցները եւ սկսելու իր բնականոն կեանքը: