Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է յուշագիր, ուր նախանշուած են այն հիմնական գերակայ ուղղութիւնները, որոնցմով պիտի խորացուի երկու քաղաքներու համագործակցութիւնը: Փաստաթուղթը ստորագրած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը:
Յուշագիրի ստորագրութեան արարողութենէն ետք Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները հանդէս եկած են ելոյթներով:
Յատկապէս կարեւոր նկատելով երկուստեք կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդումն ու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատել տուած է, որ անցած աւելի քան երկու տասնամեակները թէ՛ ապակեդրոնացած համագործակցութեան, թէ՛ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ թէ՛ այլ բնագաւառներու մէջ նշանաւոր եղած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումով:
Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար, համոզում յայտնած է, որ ստորագրուած նոր յուշագիրով նոր էջ պիտի բացուի երկու քաղաքներու համագործակցութեան մէջ, ապահովելով զարգացման նոր ուղղութիւններ` ի շահ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու բնակիչներուն:
Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը պարգեւատրած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկիէ մետալով:
Այնուհետեւ Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները պատասխանած են նաեւ լրագրողներու հարցումներուն: Տարօն Մարգարեան ու Ժորժ Քեփենեկեան համոզում յայտնած են, որ ստորագրուած յուշագիրով ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդուի երկու քաղաքներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ կողմերը պիտի կարենան կեանքի կոչել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք նախանշած են: