Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար՝ 2017-ի առաջին ինն ամիսներուն ընթացքին՝ դիմած է 6866 անձ: 2016-ի ողջ տարուան ընթացքին ` 7229 անձ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Բիչախչեան ըսած է, որ 2017 Յունուար-Սեպտեմբերին մերժուած է 356 անձի դիմում, 2016-ին` 840 դիմում: «Երկիրներու եւ ազգութիւններու մասով առանձին վիճակագրութիւն չի վարուիր»,- ըսած է ան:
Հակառակ անոր, որ պաշտօնական վիճակագրութիւն չի վարուիր, սակայն «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն Վարդան Մարաշլեան տեղեկացուցած է, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար աւելի յաճախ կը դիմեն Սուրիոյ, Լիբանանի, Վրաստանի հայերը: «Երկքաղաքացիութեան հիմնարկը ժամանակին ստեղծուած է անոր համար, որ կապեն Սփիւռքը Հայաստանի հետ: Ո՛չ ուղղակի ձեւով՝ ատիկա նաեւ կը վերաբերի հայրենադարձութեան զարգացման, որովհետեւ մարդիկ, եթէ ձեռք կը բերեն երկքաղաքացիութիւն, իրենք կը սկսին երթալ-գալ Հայաստան եւ երթալ-գալով Հայաստան կապուածութեան աստիճանը շատ լուրջ կ՝ըլլայ եւ մարդիկ կը սկսին մտածել տեղափոխուելու մասին»,- ըսած է ան:
«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէնը նշած, որ շատ պետութիւններու մէջ կ՝արգիլեն մարդոց այլ երկրի քաղաքացի ըլլալ: «Իսկ Հայաստանի մէջ անոնք կը դիտարկուին իբրեւ ՀՀ քաղաքացի»,- աւելցուցած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացի կը համարուի այն անձը, որ ՀՀ քաղաքացիութենէն բացի, ունի նաեւ այլ պետութեան (երկիրներու) քաղաքացիութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութեան համար կը ճանչցուի միայն իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի: Օտարերկրացիներու համար կը գործէ Հայաստան մուտք գործելու, երկրին մէջ գտնուելու եւ բնակելու օրէնսդրական կառուցակազմ: Իսկ Վարչական իրաւախախտումներուն վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգրքով ալ սահմանուած է վարչական պատասխանատուութիւն՝ օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առանց վաւերական արտօնագրի կամ կացութեան կարգավիճակի կամ անվաւեր փաստաթուղթերով բնակելու համար: Նոյնիսկ այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ունի նաեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն, Հայաստանի մէջ կրնայ բնակիլ առանց ժամկէտային սահմանափակման: Եթէ լրացած է անոր ՀՀ քաղաքացիի անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտը կամ զայն կորսնցուցած է եւ դեռ նորը չէ ստացած, որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրնար կիրառուիլ անոր հանդէպ: ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնելու համար «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած է ընդհանուր պայման, պէտք է լրացած ըլլայ անձի 18 տարին, ըլլայ գործունակ, վերջին երեք տարին մշտապէս բնակած ըլլայ ՀՀ-ի մէջ, կարենայ բացատրուիլ հայերէն լեզուով, ծանօթ ըլլայ ՀՀ Սահմանադրութեան: