Յունիս 7-ին ԱՄՆ Քլարքս համալսարանի թուրք պատմաբան, ընկերաբան Թաներ Աքչամ այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Սրբազան Հօր հետ:
Թաներ Աքչամ թուրք առաջին գիտնականներէն է, որ կը ճանչնայ եւ բացայայտօրէն կը քննարկէ հայոց ցեղասպանութեան հարցը: