Թուրքիոյ ռազմական գործողոթիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ցեղային զտում է եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ մէջ հայերու կոտորածը կը յիշեցնէ: Այս մասին կը նշուի Եգիպտոսի խորհրդարանի արաբական հարցերով յանձնաժողովի զեկոյցին մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ բռնապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրէական արկածախնդրութիւնը միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում է եւ յարձակում է երկու երկիրներու տարածքներու ինքնիշխանութեան դէմ:
Յանձնաժողովը կը դատապարտէ այն փաստը, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները աչք կը փակեն Էրտողանի ռազմական յանցագործութիւններուն եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ քիւրտերու դէմ ուղղուած գործողութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով Ahram Online-ը:
Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողանի ձախողումները ներքին քաղաքականութեան մէջ ստիպած են զայն ռազմական արկածախնդրութիւններ սկսելու հարեւաններուն դէմ` այդպիսով վտանգելով խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Խորհրդարանականները արաբական աշխարհին կոչ ուղղած են միաւորուելու Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան դէմ: