Պաղեստինեան տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ իսրայէլեան իշխանութիւնները որոշած են բռնագրաւեալ Բեթղեհէմի հիւսիս-արեւելքը գտնուող եւ հայ եկեղեցւոյ պատկանող կանաչապատ դաշտերը, որոնք կ’իյնան պաղեստինեան Ուալաճա գիւղի սահմաններուն մէջ:
Իսրայէլ որոշած է աւելի քան 12 արտավար տարածք ունեցող այդ դաշտերը վերածել հրեաներու յատուկ զբօսավայրի մը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ անցեալ շաբաթ ընդհարում մը տեղի ունեցած է շրջանի հայերուն եւ դաշտերէն ներս մուտք գործած Իսրայէլի կառավարութեան բնապահպանութեան եւ զբօսավայրերու բաժանմունքի պաշտօնատարներուն միջեւ: