Իրաքի հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Տիկնանց յանձնախումբը, 13 Յունիս 2018-ին, կազմակերպեց «Տիկնանց Հանդէս», որ տեղի ունեցաւ միութեան լողաւազանին կից տարածքին մէջ։
Ըստ iadmc.org-ի՝ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան մրցոյթներ, կատարուեցան պարեր, նուէրներու բաշխում եւ կանանց կողմէ պատրաստուած ուտեստներու ճաշակում։