Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը յայտարարած է, որ հպարտ է կղզիի քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական կեանքին մէջ հայ համայնքին աւանդով:
Կիպրոսի հայերուն նուիրուած ձեռնարկին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին` նախագահը յիշեցուցած է, որ երկու ժողովուրդները զոհուած են նոյն թշնամիին պատճառով` նշելով, որ իրենք չեն յանձնուած, պայքարած են եւ կը շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի միջազգային ասպարէզի մէջ գերակշռէ մեծ արդարութեան սկզբունքը։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Cyprus Mail-ը:
«Ահա թէ ինչու Կիպրոսը առաջին եւրոպական երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ մենք միասին դատապարտեցինք այս յանցագործութեան մեղաւորները»,- ըսած է ան:
Դիմելով Կիպրոսի հայ համայնքին, նախագահը նշած է,- «Իբրեւ պետութիւն մենք միշտ պիտի հպարտանանք, որ ձեր փոքր համայնքը իր կարողականութեամբ արդիւնաւէտ կերպով կը մասնակցի երկրի բոլոր ոլորտներուն` քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական»: