ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՒ ՌԱԿ-Ի ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ՎԻՃԱԿԻ

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ Հայաստանի վսեմաշուք դեսպան Պր. Ֆատէյ Չարշօղլեանի միջեւ յառաջացած թիւրիմացութիւնները հարթուած են, եւ յարաբերութիւնները վերադարձած են բնականոն վիճակի:

Յիշեցման կարգով կ’ուզենք յայտնել որ վերոյիշեալ անբաղձալի կացութիւնը ստեղծուած էր ՌԱԿի 96ամեակի տօնակատարութեան առիթով, ուր հրաւիրուած էր յոյն քաղաքական դէմք մը, վերապահութիւն առթող անցեալով մը:  Անսալով յարգոյ մեր դեսպանին զգուշացման՝ վարչութիւնս զանց առած էր խնդրոյ առարկայ անձին մասնակցութիւնը ծրագրէն:  Սակայն, շարունակուող փոխանակումները դուրս ելան իրենց հունէն, պատճառ դառնալով անպատշաճ փոխադարձ մեկնաբանութեանց:

Դժբախտաբար ընկերային ցանցերը (առցանց մամուլը) որ յետամուտ են զգայացունց լուրերու՝ աւելի լայն ծաւալ տուին վէճին, անտեղի վիրաւորանքներ հասցնելով վսեմաշուք դեսպանին:  Ցաւալի զարգացում մը՝ որ մեր պատասխանատուութեան հակակշռէն դուրս կը մնար:

Կուսակցութիւնս անվերապահ նուիրում ունի մայր հարենիքին եւ անսակարկ յարգանք անոր պաշտօնական ներկայացուցիչներուն:

Ուրախ ենք որ մեր գերագոյն ղեկավարութեան միջամտութեամբ վերացած են բոլոր թիւրիմացութիւնները յարգոյ դեսպանին՝ Պր. Ֆատէյ Չարշօղլեանին հետ, Սարգսեան-Չարշօղլեան ընտանիքներու վաղեմի բարեկամութեան լոյսին տակ:

Պր. Չարշօղլեանին կողմէ մեզի տրուած բացատրութեանց լոյսին տակ կ’անդրադառնանք որ անտեղի կը դառնան մեր կողմէ արտայայտուած անձնական վիրաւորանքները՝ հարկադրելով մեզ յայտնելու մեր ցաւը այդ ուղղութեամբ:

Հայոց պետականութեան վերահաստատման հարիւրամեակի փառաւոր հեռանկարին դիմաց կ’ուզենք մեր անմնացորդ գործակցութիւնը ընծայել մեր յարգոյ դեսպանին, ի խնդիր մեր հայրենիքի բարօրութեան ու փառքին:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Աթէնք, Փետրուար 18, 2018