Հայաստանի նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Վիեննայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեան արտերկրի հայ համայնքներ այցելութիւններու ծիրին մէջ,  Փետրուար 20-ին, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ աւստրիահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ անհատներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին Սարգսեան ներկայացուց ընտրուելու պարագային իր կատարելիք գործերը եւ Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ իր տեսլականը: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու համահայկական հարցերու մասին եւ առաջարկեց միասնական լուծումներ փնտռելու համար, խրախուսել համահայկական երկխօսութիւնը:

Սարգսեան ապա համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անհատներու հետ անկեղծ զրոյց ունեցաւ: