Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը» գիտաժողովի երկրորդ հանգրուանը աւարտեց իր աշխատանքները: Երկհանգրուան այս գիտաժողովին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, 12 եւ 13 Ապրիլ 2018-ին , իսկ երկրորդը՝ 29 եւ 30 Մայիս 2018-ին Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2017-ի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց առաքելական թեմի առաջնորդ Գերշն. Շահէ Սրբ. Փանոսեան, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեան, ՄԱՀԱԵՄի ներկայացուցիչ վերապատուելի Նշան Պագալեան եւ Վեր. Հրայր Չոլաքեան, եգիպտահայ հիւրեր, Միջին Արեւելքի հայ օճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ:
Կեդրոնի տնօրէն Դր. Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, թէ «այս գիտաժողովներուն շարքին հինգերորդով հատած կ’ըլլանք ծրագրուած շարքին կէսը,- եւ թէ՝- Գահիրէի մէջ կայացած երեք նիստերու 10 զեկուցողներուն կու գան աւելնալու 7 նիստերու 26 ուրիշ զեկոյցներ»: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր մասնակիցներուն, ան նշեց որ մասնակիցներու «անձնական, ընտանեկան, հաւաքական-ազգային, թէ գիտական ենթահողէ բխած զեկոյցները չեն սահմանափակուիր լոկ գիտելիքի փոխանցմամբ: Այդ գիտելիքին մէջ կայ գնահատանք՝ իրագործուածին հանդէպ, պայքար՝ գոյատեւումի, ճիչ՝ աջակցութեան, կոչ՝ որոնումի, թելադրանք՝ խորաթափանց եւ այլատեսակ վերլուծումներու, մարտահրաւէր՝ գալիքի:- Ան աւելցուց թէ,- այս հաւաքը ե՛ւ գիտաժողով է, ե՛ւ խորհրդաժողով, նաեւ՝ իւրօրինակ դրսեւորումը հայու տագնապին, որ միշտ կը դիմափոխուի, կը փոխակերպուի՝ ի դիմաց հայու գիտաքննական միտքին եւ յարափոփոխ միջավայրին: Գիտաքննական այդ միտքը հաւանաբար բնազանցական տագնապը կ’ապրի ինքնութենական գոյութենութեան»: Ան գիտաժողովին մեծագոյն բացական նկատեց «ներսփիւռքեան փոխյարաբերութիւններու տարածքը, որուն ռազմավարական կարիքը տակաւ կը շեշտուի, մանաւանդ երբ նկատի կ’առնենք Միջին Արեւելքի այս հայ օճախներուն նօսրացումն ու տկարացումը, որուն դիմաց համաշխարհայնացման հետեւանքով զօրացող անդրսահամանայնութիւնը եւ սոֆթ փաուըրը աներեւակայելի հնարաւորութիւններ կը յառաջացնեն»: Ան հրաւիրեց ներկաները «առաւել ուշադրութեամբ խորհրդածելու եւ գործելու՝ շրջանի եւ ընդհանրապէս հայութեան անդրսահմանային, ներհայկական ցանցակալման, փոխջրդեղումի, զօրակցումի եւ փոխ աջակցութեան առնչութեամբ»:
Դր. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան որ այս տարի եւս նիւթաբարոյապէս աջակցեցաւ այս գիտաժողովին իրականացման, աւելցնելով, որ «խորքին մէջ, գրեթէ անկարելի էր երեւակայել – նկատի առնելով դիմագրաւուած նիւթական դժուարութիւնները – այս գիտաժողովին կայացումը՝ առանց Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան ամուր եւ վճռական թիկունքին»:
Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանահայ ներկաներուն, ըսաւ. «Անգամ մը եւս, Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը մեզ կը հաւաքէ իր փեթակին շուրջ ծանօթանալու, վերյիշելու, կամ ուսումնասիրելու նոր տարածաշրջան մը ուր երկար տասնամեակներ շարունակ հայուն զարկերակը իր հիմնադիր ու ստեղծարար ազդեցութիւնը ունեցած է սփիւռքեան կեանքին վրայ տեղական սահմաններէն շատ անդին: Ասոր մէկ նմուշը տեսանք աւելի քան ամիս մը առաջ Գահիրէի մէջ, ուր վայելեցինք գաղութի Առաջնորդարանին, միութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հիւրընկալութիւնն ու մտաւորական եւ ազգային ներդրումը: … Մեր տարիներու գիտաժողովները կազմակերպուած են պատմութեան, քաղաքականութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստներու ուսումնասիրութեան մարզերու եւ անոնց հանդիպման կէտերու սերտողութեան նպատակով: Մեր լսած զեկուցումներու մէջ թերեւս նուազ շեշտ դրուած է հոգեբանութեան, աստուածաբանութեան եւ մարդաբանութեան մարզերուն վրայ: Հոն ուր երկու հայ գիտաժողովի համար կը հաւաքուի, հոն կը ծնի նոր հայկական յուշահանդէս մը, պատմութիւն մը, ազգային նիւթերու քոնկրէս մը, ներուժ մը: Իսկ երբ երկու հայ Հայկազեանի մէջ հանդիպին, անոնց փորձառութիւնը կը համեմուի տեղական ու օտար անձնաւորութիւններու եւ մշակուած մտքերու իւրայատուկ հարստութեամբ մը»:
Վեր. Հայտօսթեան գնահատեց Կեդրոնին եւ աշխատակիցներուն ազնիւ ջանքերը, երախտագիտութիւն յայտնեց Կիւլպենկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժնին, եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց գործօն մասնակցութեան համար եւ բարեմաղթեց, որ «այս գիտաժաղովը ըլլայ օրհնաբեր, շինիչ եւ կողմնորոշուած դէպի ամուր ապագայ»:
Ապա խոհուն վերլուծութեամբ մը, Արմինիըն Նեշընլ Ինսթիթիութի (ANI) տնօրէն, վաստակաշատ ցեղասպանագէտ Դոկտ. Ռուբէն Ատալեան՝ «By the Nile and the sea, the currents and tides of modernity and the role of the Armenian Diaspora of Northeast Africa» վերնագրեալ դասախօսութեամբ բացառիկ խորութեամբ եւ վերլուծումով ներկայացուց Ափրիկէի վերջին երկու դարերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերամշակութային համառօտ համապատկերը: Ան խորացաւ Ափրիկեան Եղջիւրի շրջանին վերիվայրումներուն, արդիականացման ներքին եւ արտաքին գործօններու շփումներէն յառաջացած ուժականութեան ու այդ ‘թոհուբոհ’ին մէջ շրջանի ժողովուրդներուն, հայ փոքրամասնութեան, պետական դէմքերու հակադարձութիւններուն ու կրած ազդեցութիւններուն: Քարտէսներով, փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, ուր լուսաբանուեցան յաջորդող 26 զեկոյցները:
Գումարուեցան եօթ նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Մ. Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Թագաւորութենէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Պատմութիւն մինչեւ Ի. դարասկիզբ 2) Ցեղասպանութիւն, Նպաստամատոյց եւ Պետութիւն 3) Եգիպտահայութիւնը 1940-80ականներուն 4) Երիտասարդութիւն, Ինքնութիւն, Եգիպտահայութիւնը Այսօր 5) Կրթութիւն եւ Ժառանգ 6) Սուտանի Հայօճախը, 7) Եթովպիոյ Հայօճախը:
Հայրենի երիտասարդ պատմաբան Վահէ Սարգսեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ-եգիպտական հնագոյն կապերը հիմնուելով Վանի, Կարմիր Բլուրի, եւ Մեծամօրի մէջ պեղուած եգիպտական գտածոներու վրայ: Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան բացայայտեց Վերին Եգիպտոսի Սպիտակ Վանքի որմնանկարներուն հայկականութիւնը, որմնանկարիչին անունն ու ժամանակը: Շուէտի արքայական թանգարանի աշխատակից Անն Կրոնհամմար ներկայացուց Եգիպտոսի խտիւի նուիրակ եգիպտահայ Օհան Տեմիրճեանի շուէտական գործունէութիւնը եւ իբրեւ Շուէտի թագաւորի ներկայացուցիչ՝ Եգիպտոսի մէջ անոր գործունէութիւնը: ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի Անուան Գրականութեան Հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան ըրաւ պատմականը եգիպտահայ թեմին, զայն բաժնելով չորս հանգրուաններու: Եգիպտահայ պատմաբան Արմին Քրէտեան վերլուծեց Գահիրէի հայոց 1906ի եւ Աղեքսանդրիոյ հայոց 1911ի մարդահամարներուն տուեալները, ահազանգելով նաեւ արխիւային նիւթերու հանդէպ առկայ անհոգ վերաբերումը: Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ Համալսարանի Տնօրէնն ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն Դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան ներկայացուց Փորթ Սայիտի գաղթակայանի հիմնումը եւ նկարագրեց գաղթականներուն կեանքը՝ անոնց այնտեղ կեցութեան շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին: Փրոֆ. Հիլմար Քայզէր լուսարձակի տակ առաւ Գրիկէրի (Գրիգոր Կէրկէրեան) ուղենշային ուսումնասիրութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ առարկեց որ ցեղասպանագիտութիւնը միայն վերջերս հասաւ վերլուծական այն մակարդակին, որուն առաջին քայլերը առած էր Գրիկէր: Միննըսոթայի Համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ճոն Արմաճանին վերլուծեց Եգիպտոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ: Ան ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եգիպտոսի հայ օճախին վրայ: Եգիպտահայ մտաւորական Հայկ Աւագեանի Արեւ օրաթերթին մէջ Վահան Թէքէեանի լոյս ընծայած յօդուածներուն վերլուծութեան ու անոնց բովանդակային յախուռն ընթացքին խնդրով խորաթափանց եւ արդիական ուսումնասիրութիւնը կարդաց Դոկտ. Մարուշ Երամեանը: Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց եգիպտահայութեան վերաբերող խորհրդային արխիւներու գաղտնի փաստաթուղթերուն: Փրոֆեսոր Վերժինէ Սվազլեանի եգիպտահայ հայրենադարձներու՝ Հայաստանին ունեցած նպաստին համապարփակ յօդուածը կարդաց Դոկտ. Եազըճեան ի բացակայութեան Փրոֆ. Սվազլեանի:
Հայաստանի Ազգային Արխիւի վաստակաւոր հետազօտող Գոհար Աւագեան ծանրացաւ աւելի Գահիրէի Հայոց Առաջնորդարանի արխիւին նիւթերուն վրայ, նաեւ ընդգծեց ընդհանրապէս սփիւռքահայ արխիւներու կարեւորութիւնը՝ հայագիտական մերօրեայ պրպտումներուն համար: Նորավանք Գիտակրթական Կեդրոնի գիտական քարտուղար Վահրամ Հովեան տուաւ պատկերը Եգիպտոսի հայ համայնքի մերօրեայ լրատուամիջոցներուն վիճակին, բովանդակութեան, առաքելութեան, եւ գնահատականը կատարեց համացանցի վրայ անոնց ներկայութեան: Լիմի Չոլաքեան-Խունկանեան ներկայացուց Եգիպտոսի Հայ Աւետարանական Համայնքը՝ անդրադառնալով Ի. դարասկիզբի անոր կազմաւորման եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ համայնքի ներկայ իրավիճակին: Եգիպտահայ Թովմաս Զաքարեան՝ իբրեւ անդամը Երիտասարդ Հայի նմանակ եգիպտական Հոկտեմբեր պարբերականի խմբագրակազմին, ներկայացուց Հոկտեմբերը, անոր գաղափարախօսական ելակէտերը, անոր ձեռնարկող երիտասարդներուն մտահոգութիւնները: Իսկ Ժիրայր Դանիէլեան հակիրճ ներկայացուց Հոկտեմբերի պէյրութեան տարբերակ Երիտասարդ Հայը: Երկու ելոյթները զուգահեռներ գծեցին եւ ի յայտ բերին հայ օճախներու մէջ երիտասարդ, նորարար, ըմբոստացող ալիքներուն իրարմէ անկախ եւ անջատ գոյութեան մը փաստը: Շահեկան էր սփիւռքագէտ, միջազգային համբաւի տիրացած Diaspora պարբերականի խմբագրակազմի անդամ Դոկտ. Սօսի Գասպարեանի յառաջ քաշած տեսութիւնը. ան եգիպտահայերը նկատեց լուռ աշխարհաքաղաքացիներ՝ ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ: Քննարկումներուն ընթացքին Դոկտ. Գասպարեանի այս տեսութիւնը նկատուեցաւ ընդհանրական վիճակը նաեւ Սփիւռքի շարք մը այլ հայ օճախներուն հայութեան: Շահեկան էր երիտասարդ եգիպտահայ Ասփէ Ճիզմէճեանին նիւթը. ան քննարկեց ինքնութեան մտային թէ արուեստի ընկալման երեսակները՝ Եգիպտոսի հայ օճախին մէջ: Նախկին հալէպահայ, ներկայիս եգիպտահայ ուսուցչուհի եւ հայերէնի դասախօս Դր. Երամեան բարձրաձայնեց եւ տեսականացուց արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրները՝ եգիպտահայ դպրոցին մէջ: Անոր ի պատասխան Հայկազեան Համալսարանի դասախօս, կրթական մշակ Շաղիկ Խիւտավերտեան համեմատական զուգահեռներ գծեց լիբանահայ դպրոցին առնչութեամբ եւ տուաւ անոր տեղին, դերին եւ բնոյթին հաւատամքը: Համալսարանական հայ ուսանողութեան եգիպտահայ համապատկերը ներկայացուց երիտասարդ հետազօտող, եգիպտահայ Այգ Զաքարեան: Եգիպտահայ համալսարանական ուսանողութեան ուսումնական տուեալներուն հասանելիութիւնը առիթ տուած է Զաքարեանի որ կատարէ նման հայագիտականօրէն հազուադէպ (թերեւս իր բնոյթով՝ առաջինը) ուսումնասիրութիւն: Ճարտարագէտ, Դր. Նայիրի Համբիկեան լուսարձակը բեւեռեց Սփիւռքի շինարարական ժառանգին վրայ, եւ մեկնելով եգիպտահայ փորձէն (ուր եգիպտահայ պատկան իշխանութիւնները գործնապէս լծուած են վերականգնել եգիպտահայ անցեալի ժառանգը) ան նկարագրեց եգիպտահայ առկայ հնագոյն գերեզմանատան վերականգնումի եւ բարեկարգումի աշխատանքները: Համբիկեան ընդգծեց, որ սփիւռքահայ աւանդը Մար Մինայի գերեզմանատունով կարելի է դրսեւորել նաեւ շինարարական թէ շօշափելի փաստերով: Դր. Համբիկեան նաեւ շահեկան տեսաբանական դրոյթ մը ներկայացուց սփիւռքահայ աւանդին ու ժառանգին մասին: Փրոֆ. Արմաճանի ներկայացուց Հիւսիսային Սուտանի եւ Եթովպիոյ սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ, ու ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ օճախին վրայ: Երիտասարդ արխիւագէտ Աննա Աւագեան Հայաստանի Ազգային Արխիւի նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Սուտանի հայ համայնքի պատմութիւնը՝ ԺԹ. դարավերջէն մինչեւ մեր օրերը: Դր. Արտակ Մաղալեան ներկայացուց Եթովպիա այցելած հայ ուղեգիրներուն ճանապարհորդական գիրքերը, նօթերը եւ արժեւորեց զանոնք: Փարիզի ՀԲԸՄ Նուպարեան Մատենադարանի երիտասարդ եւ աշխուժ տնօրէն Դր. Պորիս Աճէմեան իր զոյգ դասախօսութիւններով ներկայացուց հայերու աւանդը Եթովպիոյ, մանրամասնեց Եթովպիոյ կայսերական ֆանֆարի Երուսաղէմի Արարատեան Որբանոցի սաներուն մասին, եւ մանրամասնեց թէ ինչպէս Եթովպիան՝ իբրեւ ուղղափառ երկիր, եթովպահայերուն համար նկատուած է հայրենիք եւ թէ ինչ քաղաքականութեամբ Եթովպիոյ կայսրերը ներգրաւած էին հայերը պետական ծառայութեան համակարգին մէջ: Շահեկան էր նաեւ Ռուբինա Սվաճեան-Քինկուէլի զեկոյցը իր հօր՝ արքայական ոսկերիչ Պետրոս Սվաճեանի մասին: Սվաճեան ներկայացուց անոր հաստատուիլը Եթովպիա, եւ թէ ինչպէս ան ստացած էր կայսեր պաշտօնական արտօնագիրը՝ ոսկերչական արտադրամաս հիմնելու մասին:
Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում, ուր կարեւորուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը՝ նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու եւ նման գիտաժողովներու համար անհրաժեշտ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը:
Նիստերէն մէկուն աւարտին ներկայացուեցան վերջին երեք տարիներուն հայկական Սփիւռքին նուիրուած արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն լոյս տեսած խումբ մը գիրքեր, որոնցմէ ոմանց հեղինակները ամփոփ գիծերու մէջ մանրամասնեցին իրենց երկերուն որոշ երեսակները: Այդ գիրքերն էին.- Դոկտ. Եազըճեանի կազմած՝ Սփիւռքահայ քաղաքական հոսանքներն ու գաղութները խորհրդային գաղտնի փաստաթուղթերու մէջ (1945-1991), Գոհար Աւագեանի կազմած Լիբանանահայհամայնքը (1915-1990) ըստ արխիւային փաստաթղթերի, Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի երկասիրած Հայկական համայնքային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ, Ռուբէն Աւշարեանի կազմած On the record. Armenian Deputies in the Lebanese parliament 1922-1972 եւ 1972-2017, Դոկտ. Սօսի Գասպարեանի համախմբագրած Diasporas of the modern Middle East (contextualizing community), Դր.ներ Քրիստին Պապիկեան-Քարլա Էտտէ-Վահէ Թաշճեան-Լեւոն Նորտիկեանի համախմբագրութեամբ լոյս տեսած Les Arméniens du Liban. Cent ans de présence, Դոկտ. Տագէսեանի Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). կեանքի մը երաժշտացումը, Դոկտ. Սեդա Օհանեանի Իրաքի համայնքը 20րդ դարում, Տոքթ. Սարգիս Պուրունսուզեանի Դամասկոսի հայերը, Մուհամմատ Աթալլա ԱլՄաանիի Մաանի Հայերը (1915-2016),Գէորգ Մսըրլեանի Իրպիտի եւ հիւսիսային Յորդանանի հայերը, Դոկտ. Ժամալ Քամալի Արհեստներն ու արհեստաւորները արդի Եգիպտոսի մէջ (վերջին չորսը՝ արաբերէն), Փրոֆ. Մութաֆեանի La saga des Arméniens de l’Ararat aux Carpats նորագոյն երկը: Իսկ անգլիագիր վիպագիր, ծնունդով սուտանցի, նախկին եթովպահայ այժմ անգլիաբնակ Ռուբինա Սվաճեան-Քինկուէլ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր եռահատոր վէպին Ա. եւ Բ. հատորները, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի համիտեան ջարդերուն, իսկ երկրորդը Ցեղասպանութեան առաջին տաս ամիսներուն: Ուշագրաւ է որ անգլերէն այս հատորները հասցէագրուած են պատանի ընթերցողներու: Նիստերէն անջատ, ներկաները առիթ ունեցան դիտելու Հայկազեան Համալսարանի Մուկար Արուեստից ցուցասրահ ցուցադրուած Ալեքսանդր Սարուխանի շուրջ 50 երգիծանկարներու կրկնօրինակները, որոնք ազնուօրէն տրամադրուած էին տիար Շահէ Խաչատուրեանի եւ ՀԲԸՄ Տեմիրճեանի Կեդրոնին կողմէ: Ցուցադրուած էին նաեւ եգիպտահայութեան մասին հրատարակուած հայ եւ օտար երկասիրութիւններ՝ Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանէն: Գիտաժողովին առաջին իրիկունը եթովպահայ եւ եթովպաբնակ Վարդգէս Նալպանտեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Եթովպիոյ հայ օճախը իր պատմական անցեալէն մինչեւ այսօր: Խիստ շահեկան այս դասախօսութիւնը որոշ զուգահեռներ ունէր 2017 Մայիսի գիտաժողովին Իրաքի հայ օճախին ներկայ վիճակին նուիրուած դասախօսութեան հետ:
Նիստերը վարեցին Դր.ներ Արտա Էքմէքճի, Նանօր Գարակէօզեան, Արշալոյս Թօփալեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան ու Եղիա Թաշճեան:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ հայ օճախներուն մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, բայց մանաւանդ՝ դաշտային հետազօտութիւններ կատարած մասնագէտներու, երիտասարդ հետազօտողներու թէ՝ արխիւային պրպտումներ կատարած այլեւայլ ուսումնասէրներու մասնակցութեամբ: Ուրախալի էր որ 26 մասնակիցներէն չորսը կը պատկանէին երիտասարդ սերունդին. անոնց տարիքը չէր հասներ 30ին:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր թերեւս կարելի էր աւելի արծարծել մերօրեայ խնդիրները, միջհայօճախային հաղորդակցութիւնները, կապերը եւ զուգահեռներ գծել տարբեր հայ օճախներու կարգ մը երեսակներու եւ երեւոյթներու միջեւ:
Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ՝ ենթակայականութեամբ:
Ջերմ, ազատ, անմիջական, նախանձախնդիր, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Ափրիկեան Եղջիւրի հայ օճախին անցեալին ու ներկային հայող շատ հարցեր, իրագործումներ:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, Սփիւռքի Նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ, եգիպտահայ, Միջին Արեւելքի հայ օճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Ափրիկեան Եղջիւրի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին հինգ տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ հայ օճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման, մղելով առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդր սահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը շնորհակալ է Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ օճախներուն նուիրուած գիտաժողովի հատորները, շուտով կը հրապարակուի Յորդանանի գիտաժողովին նիւթերուն հատորը:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Կիպրոս-Յունաստանի Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2019 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: Այդ առումով, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:
Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն