Վատիկանի ՄԷջ պիտի բացուի 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:
Արարողութեան, որ ծրագրուած է 2018 Ապրիլ 5-ին, պիտի մասնակցի Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Արարողութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու համար Վատիկան ուղեւորուած են Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Տ. Շահէ վարդապետ Անանեան:
Յիշենք, որ Նարեկացին սրբադասուած է ո՛չ միայն հայ առաքելական, այլեւ՝ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ: