Մոսկուայի Մեծ հայրենական պատերազմի կեդրոնական թանգարանին մէջ, Յունիս 14-ին, հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ զրահահրասայլային զօրքերու գլխաւոր մարշալ, Խորհրդային Միութեան հերոս Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին: Անիկա թանգարանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ փոխանցեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը, Ռուսիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեանը, հասարակական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Ողջունելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, դիւանագիտական, հասարակական գործիչները` թանգարանի տնօրէն Ալեքսանդր Շքոլնիք նշեց, որ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին իր արժանի տեղը պիտի ունենայ թանգարանին մէջ:
«Հայրենական մեծ պատերազմին հայ ժողովուրդի ներդրումը յաւէրժ կը մնայ պատմութեան մէջ: Պատերազմի տարիներուն՝ առաջնագիծի վրայ մարտնչած են հայ ազգի հարիւր հազարաւոր տղաներ եւ աղջիկներ, որոնց 70 հազարը արժանացած է տարբեր պարգեւներու: Անոնց անունները, անոնց մասին պատմող նիւթերը կրնաք գտնել մեր թանգարանին մէջ: Ամիսներ առաջ մեր թանգարանին փոխանցուած է Հայրենական Մեծ պատերազմի հերոս, Մարշալ Բաղրամեանի կիսանդրին, այսօր հպարտութեամբ կը ցուցադրենք եւս մէկ հերոսի կիսանդրի: Մենք պէտք է մեր հերոսներու սխրագործութիւններուն մասին տեղեկութիւնները, պատմութիւնները պահպանենք ու փոխանցենք նոր սերունդին: Յատուկ շնորհակալութիւն կիսանդրիի հեղինակներուն, զայն ստեղծելու գործին մէջ ներդրում ունեցողներուն»,- ըսաւ Ալեքսանդր Շքոլնիք:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր հերթին, նշեց, որ Մեծ հայրենականը ծանր փորձութիւն էր խորհրդային երկիրներու բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ հայ ժողովուրդին համար։ Ճակատամարտ մեկնած բազմաթիւ հայեր չվերադարձան, որոնց մէջ էր իր մեծ հայրը, որուն անունն ու ազգանունը կը կրէ ինք։
«Ինծի համար մեծ պատիւ է Հայաստանի Հանրապետութեան անունով հերոս Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին թանգարանին փոխանցելը: Համազասպ Բաբաջանեանը յայտնի է իր սխրագործութիւններով, ան մարտնչած է ճակ ատամարտերու մէջ` ազատագրելով քաղաքներ, գիւղեր: Անոր սխրագործութիւնները յաւերժ հետք ձգած են հայոց պատմութեան մէջ: Մեր պարտքն է պահպանել եւ փոխանցել երիտասարդ սերունդին այդ մեծ գործին յիշատակը»,- ըսաւ վարչապետը: Ան ընդգծեց, որ այսօրուան հանդիսաւոր ձեռնարկը կը վկայէ, որ Հայաստանն ու Ռուսիան բարձր կը գնահատեն իրենց հերոսներն ու անոնց վերաբերեալ յիշողութիւնները` պահպանելով, կը փոխանցեն սերունդներուն:
Կիսանդրիի հեղինակ Աշոտ Թադեւոսեան նշեց, որ հպարտութեան զգացումով կատարած է այս աշխատանքը եւ շատ ուրախ է, որ այսօր հերոս Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին իր արժանի տեղը կ՝ունենայ թանգարանին մէջ:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրիին հեղինակը: Ես պարզապէս բառեր չեմ ըսեր, իսկապէս կը ծառայեմ հայ ժողովուրդին: Ես հպարտ եմ, որ ներկայացուցիչ եմ ազգի մը, որ այսպիսի հերոսներ տուած է»,- ըսաւ Աշոտ Թադեւոսեան: